Որոնել

ARMENIA-TURKEY-HISTORY-GENOCIDE-ANNIVERSARY

Այսօր կը յիշատակուի Մեծ Եղեռնի 111րդ տարելիցը

Մեծ Եղեռնի մասին բազմիցս անդրադրաձած է նաեւ Հայասէր Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը որուն մահուան տարելիցը նշուեցաւ մի քանի օրեր առաջ։ Անոր 12 ապրիլ 2015-ին՝ Հայոց Կոտորածի 100-ամեակին առիթով Վատիկանի մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը մեծ արձագանգ ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ։

Հայոց կոտորածը, որ յայտնի է նաեւ որպէս «Մեծ Եղեռն», տեղի ունեցաւ 1915–1923 թուականներուն՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ Այս ժամանակաշրջանին շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր տեղահանուեցան, սպաննուեցան կամ մահացան բռնագաղթի եւ ծանր պայմաններու հետեւանքով։

Մեծ Եղեռնը սկսաւ 1915-ի Ապրիլ 24-ին, երբ Կոստանդնուպոլիսի մէջ ձերբակալուեցան եւ աքսորուեցան հայ մտաւորականներու եւ առաջնորդներու մեծ թիւ մը։ Այս օրը այսօր կը նշուի որպէս անոնց նուիրուած Յիշատակի օր։

Դէպքերը ներառեցին զանգուածային սպանութիւններ, բռնի տեղահանութիւններ դէպի անապատային շրջաններ, սով եւ հիւանդութիւններ։ ։

Այսօր Մեծ Եղեռնը կը մնայ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենախոր վէրքերէն մէկը եւ կը յիշուի ամբողջ աշխարհի մէջ՝ որպէս մարդկութեան դէմ գործուած մեծ ոճրագործութիւն։

Մեծ Եղեռնի մասին բազմիցս անդրադրաձած է նաեւ Հայասէր Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը որուն մահուան տարելիցը նշուեցաւ մի քանի օրեր առաջ։

Անոր 12 ապրիլ 2015-ին՝ Հայոց Կոտորածի 100-ամեակին առիթով Վատիկանի մէջ մատուցուած պատարագի ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը մեծ արձագանգ ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ այս առիթով ընդգծեց նաեւ, որ նման ոճրագործութիւններու յիշատակը պահպանելը կարեւոր է, որպէսզի մարդկութիւնը խուսափի նման ողբերգութիւններու կրկնութենէն։

Ան իր խօսքերուն մէջ յաճախ շեշտած է պատմական ճշմարտութեան ճանաչման եւ ժողովուրդներու միջեւ հաշտութեան անհրաժեշտութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2026, 09:45