Որոնել

COMBO-US-ISRAEL-LEBANON-IRAN-WAR-CEASEFIRE

«Լիբանան եւ Իսրայէլ տասը օր տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյացուցին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց, թէ Նեթանիահուն եւ նախագահ Աունը Սպիտակ տուն պիտի հրաւիրէ` Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ առաջին լուրջ բանակցութիւններու համար:

Երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին վերջինս վերստին շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի իրագործման ծիրին մէջ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման եւ տեւական խաղաղութեան ու կայունութեան ապահովման համար Թրամփի թափած ջանքերուն համար:

Աուն նաեւ մաղթեց, որ այս ջանքերը շարունակուին` կարելի եղածին չափ շուտ զինադադար հաստատելու համար:

Թրամփ իր կարգին աջակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին եւ Լիբանանին` շեշտելով իր յանձնառութիւնը շուտով զինադադար հաստատելու լիբանանեան պահանջին:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Թրամփ վերջին 24 ժամուան ընթացքին առնուազն մէկ անգամ խօսած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ, նախքան նախագահ Աունին հեռաձայնելը:

Իսրայէլեան զինուորական պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Այս գիշեր կրնայ զինադադար յայտարարուիլ»` աւելցնելով. «Թրամփ պիտի ողջունէ Իսրայէլի զինադադարը ընդունիլը»:

Աղբիւր մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ուղղուածութիւնը դէպի Լիբանանի մէջ զինադադար է, եւ Թրամփ կ՛ուզէ, որ այդ մէկը օրերու ընթացքին տեղի ունենայ»:

Պաշտօնական աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեցին. «Իսրայէլեան բանակը հրաման ստացաւ ժամը 7:00-էն կէս գիշերի միջեւ սկսող զինադադարի պատրաստուելու»:

Աւելի ուշ Թրամփ յայտնեց. «Քիչ առաջ հոյակապ բանակցութիւններ ունեցայ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ: Երկու ղեկավարները համաձայնեցան` իրենց երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման համար տասը օր տեւողութեամբ զինադադարի շուրջ, որ պիտի սկսի արեւելեան Միացեալ Նահանգներու երեկոյեան ժամը հինգին (Պէյրութի ժամանակացոյցով կէս գիշերին)»:

«Փոխնախագահ Վանսի եւ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյի, ինչպէս նաեւ միացեալ սպայակոյտի պետ Տան Ռազին Քէյնի ցուցմունք տուի տեւական խաղաղութեան հաստատման համար Իսրայէլի եւ Լիբանանի հետ աշխատելու», նշեց Թրամփ:

«Պատիւը ունեցայ աշխարհի տարածքին ինը պատերազմներ դադրեցնելու, եւ ասիկա տասներորդը պիտի ըլլայ, զայն կատարենք», յայտնեց ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարեց, թէ Նեթանիահուն եւ նախագահ Աունը Սպիտակ տուն պիտի հրաւիրէ` Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ առաջին լուրջ բանակցութիւններու համար:

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտարարեց, թէ կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յայտարարած զինադադարը:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանի դեսպանը Հըզպալլային յայտնեց, թէ զինադադարը այս գիշեր պիտի սկսի»:

Ֆրանսայի նախագահական պալատը ողջունեց Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումը եւ ընդգծեց «գետնի վրայ զայն ստուգելու» կարեւորութիւնը:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին նշեց. «Թրամփ ինք Իսրայէլն ու Լիբանանը զինադադարի մղեց»:

Աղբիւր մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին նշեց. «Բանակը կրնայ աշխատանք տանիլ զինադադարը ուժի մէջ մտնելէն առաջ ռազմավարական հարուածներ հասցնելու»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2026, 08:42