Ռատիոյի Համաշխարհային Օրը Միլանոյի մէջ. Մարդը պէտք է ղեկավարէ արեհստական բանականութիւնը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 9 մարտին, Միլանոյի «Talent Garden» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ռատիոյի համաշխարհային օրուան (World Radio Day) իտալական 6-րդ հանդիսաւոր ձեռնարկը։ Այս տարուան գլխաւոր նիւթը ռատիոյի եւ արհեստական բանականութեան միջեւ փոխյարաբերութիւններն էն՝ «Արհեստական բանականութիւնը գործիք է եւ ոչ թէ ձայն» կարգախօսով։
Ռատիօ Վատիկանի յատուկ մասնակցութիւնը
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռատիօ Վատիկանը, որ չորս ժամ շարունակ ուղիղ եթերով հիւրընկալեց տասնեակ լրագրողներ, հաղորդավարներ եւ փոտքասթերներ:
Քննարկումներուն առանցքը մարդկային անհատականութեան պահպանումն էր. Մասնակիցները շեշտեցին, որ թէեւ արհեստական բանականութիւնը օգտակար միջոց է, սակայն այն պէտք է մնայ մարդու հսկողութեան տակ՝ խուսափելու համար առանց կանոններուն օգտագործման վտագներէն։
Սերունդներուն սէրը Ռաիոյի հանդէպ
Ձեռնարկը համախմբեց հազարաւոր «ռատիօ սիրահաներ», յատկապէս երիտասարդներ, ինչ որ փաստեց, թէ այս հաղորդակցութեան միջոցը կը շարունակէ մնալ այժմէական ու սիրուած նաեւ նոր սերունդին կողմէ
Տարբեր լրատուամիջոցներուն ներկայացուցիչներ իրենց ելոյթներուն մէջ բարձր գնահատեցին ռատիոյի դերը։
Մարքօ Քափութօ (Rai Radio-ի տնօրէն). Նշեց, որ ռատիոյի պարտականութիւնն է միշտ կեդրոնական պահել մարդ արարածը։
Ֆետերիքօ Սիլվեսթրի (Gruppo 24 Ore). Ռատիոն որակեց որպէս «տեղեկատուութեան բացարձակ պահապան»:
Մասիմիլիանօ Մենիքեթթի (Ռատիօ Վատիկանի պատասխանատու). Շեշտեց, որ իւրաքանչիւր լրագրող եւ ունկնդիր կրնայ նպաստել երկխօսութեան միջոցով կամուրջներու կառուցման՝ յանուն խաղաղ եւ համերաշխ աշխարհի մը:
Հանդիսութիւնը վերահաստատեց այն գաղափարը, որ ռատիոյի հզօրութիւնը կը կայանայ բառի եւ լոյսի մէջ, որոնք կրնան միաւորել մարդիկը՝ անկախ ժամանակէն եւ տարածութենէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ