Որոնել

Պէյրութի վրայ ռմբակոծումներ Պէյրութի վրայ ռմբակոծումներ 

UNICEF/Լիբանան․ վերջին 7 օրերուն 83 մանուկ սպաննուած են եւ 254-ը վիրաւորուած

Էտուար Պէյկպետէրի յայտարարութեամբ անցեալ շաբաթ օրական միջին հաշուով աւելի քան 10 մանուկ սպաննուած է եւ շուրջ 36 մանուկ վիրաւորուած

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

UNICEF-ի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանային ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի տնօրէն Էտուար Պէյկպետէր նշած է, որ վերջին օրերուն բռնութիւններու սաստկացումը ծանր հետեւանքներ թողած է մանուկներուն վրայ։ Արդարեւ ըստ կազմակերպութեան տուեալներուն, անցեալ շաբաթ օրական միջին հաշուով աւելի քան 10 մանուկ սպաննուած է եւ շուրջ 36 մանուկ վիրաւորուած։

Բախումներուն պատճառով զանգուածային տեղահանութիւններ տեղի ունեցած են եւ մօտաւորապէս 700․000 մարդ ստիպուած եղած է լքել իր տունը, որոնց մէջ շուրջ 200․000-ը մանուկներ են։

UNICEF-ը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր կողմերուն պաշտպանել քաղաքացիական բնակչութիւնը, յատկապէս մանուները եւ յարգել միջազգային մարդասիրական իրաւունքը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2026, 08:59