End of the holy fasting month of Ramadan in Beirut

Լիբանան. Լարուածութեան սկիզբէն ի վեր առնուազն 116 երեխայ սպաննուած է, իսկ աւելի քան 356-ը՝ վիրաւորուած

«Հիւանդանոցները փլուզման եզրին են, եւ առանց շտապ աջակցութեան՝ երեխաներուն կենսական բժշկական օգնութիւն տրամադրելու կարողութիւնը լրջօրէն կը վտանգուի»։ Ընդհանուր առմամբ, Մարտի 2-էն ի վեր UNICEF-ը ամբողջ Լիբանանի տարածքին մէջ բաշխած է 800 թոն առաջնային անհրաժեշտութեան պարագաներ՝ հասնելով մօտ 150,000 մարդու։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամը (UNICEF) յայտարարած է, թէ Լիբանանի մէջ բաշխուած են այլ  32,5 թոն շտապ բժշկական պարագաներ՝ աջակցելու հիւանդանոցներուն եւ առողջապահական ծառայութիւններուն, որոնք ծանր ճնշման տակ են շարունակուող բախումներուն հետեւանքով։

Հանրային առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն՝ լարուածութեան սկիզբէն ի վեր առնուազն 116 երեխայ սպաննուած է, իսկ աւելի քան 356-ը՝ վիրաւորուած, մինչ զոհերու ընդհանուր թիւը կը շարունակէ աճիլ։

Հիւանդանոցները, արդէն իսկ ծանրաբեռնուած են եւ առանց շտապ օգնութեան կը գտնուին փլուզման վտանգի տակ։

Բաշխուած պարագաները կը ներառեն կենսական նշանակութիւն ունեցող միջոցներ՝ շտապ օգնութեան, վնասուածքներու բուժման, մայրական եւ մանկական խնամքի, ինչպէս նաեւ սուր եւ վարակիչ հիւանդութիւններու բուժման համար ապրանքներ։

UNICEF-ը, տեղական իշխանութիւններուն հետ համագործակցելով, կ՛ ամրապնդէ նաեւ շարժական առողջապահական միաւորները եւ վերակենդանացման ծառայութիւնները՝ հասնելու համար տեղահանուած բնակչութեան եւ հեռաւոր շրջաններուն։

Մարտի 2-էն ի վեր կազմակերպութիւնը արդէն բաշխած է շուրջ 800 թոն մարդասիրական օգնութիւն՝ հասնելով մօտ 150,000 անձերու, որոնք շարքին հազարաւոր տեղահանուածներ։ Բացի բժշկական օգնութիւններէն, տրամադրուած են նաեւ ջուր, մաքրութեան պարագաներ, ծածկոցներ եւ հոգեբանական աջակցութիւն։

UNICEF-ը վերջապէս կը վերահաստատէ իր կոչը միջազգային համայնքին՝ պաշտպանելու խաղաղ բնակչութիւնը, յատկապէս երեխաները, եւ ապահովելու մարդասիրական օգնութիւններու շարունակական մուտքը՝ մարդկային կեանքեր փրկելու համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2026, 09:14