LEBANON-ISRAEL-IRAN-US-WAR

Մինչ Իրանի մէջ զոհերու թիւը կը մօտենայ 1100ի, Իրանեան մարտանաւ մը Կկընկղմի, իսկ դէպի ԹուրքիաաԱրձակուած հեթիռ մը կը չէզոքացուի

Միւս կողմէ, եւ հակառակ Լիբանանի կառավարութեան սպառնալիքներուն, «Հըզպալլա» շարունակեց Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները։

Իրանեան լրատու աղբիւրներ Չորեքշաբթի օր հաղորդեցին, թէ հինգերորդ օրը ըլլալով Իրանի տարածքին շարունակուող իսրայէլեան եւ ամերկիկեան ռմբակոծումներուն պատճառով սպաննուած քաղաքայիններու եւ զինուորականներու թիւը կը մօտենայ 1100ի, մինչ Իրան շարունակեց յարձակումներ գործել Ծոցի մէջ գտնուող ամերիկեան դիրքերու, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի վրայ։

Նաեւ, Անգարա հաղորդեց, թէ ՆԱԹՕի ուժերը օդին մէջ չէզոքացուցին Իրանէն դէպի Թուրքիա արձակուած հրթիռ մը, իրեն վերապահելով հակադարձելու իրաւունքը։

Ուաշինկթըն նաեւ յայտարարեց, թէ ուղղակի հարուած մը հասցուցած է Սրի Լանքայի մօտերը գտնուող իրանեան մարտանաւի մը, սպաննելով 87 նաւաստիներ։ Սրի Լանքայի ծովուժը կրցաւ առաւել քան 30 իրանցիներ փրկել։

Իր կարգին, Օման յայտարարեց, թէ կրցած է 24 անձեր փրկել Հորմուզի նեղուցին մէջ ընկղմող փոխադրական նաւէ մը։

Իսրայէլ նաեւ շարունակեց իր յարձակումները հարաւային Լիբանանի վրայ, ուրկէ առնուազն 65,000 լիբանանցիներ դարձեալ գաղթական դարձան՝ ապաստանելով հիւսիսային շրջաններու մէջ։ Իսրայէլ նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները եւ Պաալպէքը ռմբակոծեց

Միւս կողմէ, եւ հակառակ Լիբանանի կառավարութեան սպառնալիքներուն, «Հըզպալլա» շարունակեց Իսրայէլի վրայ իր յարձակումները։

Քաղաքական գետնի վրայ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հրաւիրուեցաւ՝ Քոնրկրեսին առջեւ վկայութիւն տալու: Ընթացքին Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգները Շաբաթ օր Իրանի դէմ կանխարգելիչ յարձակումներ շղթայազերծեց, իմանալէ ետք, որ իր դաշնակիցը` Իսրայէլ, մտադիր է յարձակումներ շղթայազերծելու, ինչ որ ամերիկեան ուժերուն դէմ վրիժառու հակադարձութեան պիտի յանգեցնէր:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգները Իրանէն անմիջական վտա՞նգ կը դիմագրաւէր, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու մէջ առանցքային է, նկատի ունենալով, որ ըստ սահմանադրութեան, պատերազմ յայտարարելու իրաւունքը կը պատկանի Քոնկրեսին՝ Ռուպիօ ըսաւ. «Իրապէս անմիջական վտանգ կար, եւ անմիջական վտանգը մեր տեղեկութեամբ այն էր, որ եթէ Իրան յարձակումի ենթարկուի, եւ կը կարծէինք, թէ այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ, անոնք անմիջապէս մեր վրայ յարձակում պիտի գործեն»:

Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քննադատեց Իրանի վրայ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումները՝ զանոնք համարելով «միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում»: Ան աւելցուց, որ ամերիկեան-իրանեան տարակարծութիւնը իսրայէլեան գրգռութիւններէն ետք պատերազմի վերածուեցաւ:

«Դժբախտաբար, բանակցութիւնները սպասուած արդիւնքը չտուին, եւ արիւնէն ու քաոսէն սնունդ առնող Իսրայէլի հրահրումներուն պատճառով տարակարծութիւնը վատթարացաւ եւ վերածուեցաւ տաք հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ Ծոցի մէջ մեր եղբայրները հակադարձութեան գործողութիւններուն պատճառով ժխտական ազդեցութիւն կրեցին», ըսաւ Էրտողան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պրունէյի մէջ յայտարարեց, թէ Ռուսիա տակաւին որեւէ ապացոյց չէ տեսած, թէ Իրան հիւլէական զէնք կը պատրաստէր:

Լաւրով ըսաւ, որ Իրանի վրայ կատարուող յարձակումներուն հետեւանքները կը զգացուին ամբողջ շրջանին մէջ, եւ արաբական երկիրները տնտեսական վնասներ ու կորուստներ կը կրեն:

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան յայտնեցին, որ Քաթարի կողմէ բնական կազի արտադրութեան դադրեցումէն ետք, Չինաստան եւ Հնդկաստան սկսած են կազի պաշարները խնայողութեամբ գործածել:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2026, 08:07