2024.02.07 Mons Nareg Alemezian

Եօթը ամէնէն քաղաքավարական եզրերը. Նարեկ Արք. Ալեմէզեան

Բարեւ, հաճիս, շնորհակալ եմ, կարելի՞ է, սիրով, ներող եղիր, ընկեր-բարեկամ կամ դրացի

 

Քաղաքավարական եզրերու տեղին գործածութիւնը մարդկային յարաբերութիւններուն վրայ դրական ներգործութիւն կ՛ունենայ: Երբ տեղ մը պիտի մտնենք եւ դուռը կը բանանք` անձ մը ներս հրաւիրելով, մեր ետին գտնուող անձն ալ նոյնը կ՛ընէ մեզի, եւ այսպէս` շարունակաբար. բոլորս ալ կը գիտակցինք, թէ զիրար յարգելով` իրարու մէջ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մա՛րդը կը գնահատենք:

Եօթը քաղաքավարական եզրեր այս գիտակցութիւնը առաւե՛լ կը խորացնեն մեր մէջ:

Ա.- ԲԱՐԵՒ: Երբ առտու սուրճ մը գնելու համար սրճարան կը մտնենք, նախքան մեր սուրճը ապսպրելը` պէտք է «Բարեւ» ըսենք, որովհետեւ մարդուն մարդկայնութիւնը նախապատիւ է մեր ապսպրանքէն: Այս խրատը կ՛անդրանցնի յաճախորդ ու սպասարկող յարաբերութիւնը եւ մեզ քաղաքավար կը դարձնէ: Նոյն ձեւով նաեւ պէտք է բարեւենք մեր գործընկերները եւ մեր շէնքին պահակն ու աւելածուն:

Բ.- ՀԱՃԻՍ: Երբ «Հաճիս» կ՛ըսենք, մեր պահանջը խնդրանքի կը վերածենք: Յարգանքով կը մօտենանք մեր դիմացի անձին եւ քաղաքավարօրէն կը պարտադրենք, որ ան եւս յարգէ մեզ ու դրականօրէն արձագանգէ մեր խնդրանքին: Երբեմն կը փորձուինք մեր «Հաճիս»-ը ծաղրական շեշտով ըսել: Զգուշանանք այսպէս ընելէ, որովհետեւ ան դրական անդրադարձ կ՛ունենայ միայն, երբ զայն քաղաքավարօրէն ըսենք:

Գ.- ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ: Չի՛ բաւեր կոշտ ու կոպիտ «Շնորհակալ եմ» ըսելը, կամ «Շնորհակալութեան բացիկ» մը ղրկելը: Նախ պէտք է քանի մը երախտագիտական նախադասութեամբ բացատրենք, թէ ի՛նչ բանին համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք:

Դ.- ԿԱՐԵԼԻ՞ Է: Այս հարցումը ամէնէն յարգալից արտայայտութիւններէն մին է: Ան արտօնութիւն խնդրելու շեշտով մեր դիմացը գտնուող անձին տրամադրելիութեան հանդէպ մեր սնուցած յարգանքին ցուցանիշը կը դառնայ եւ փոխյարաբերութիւնը հեզասահ կը դարձնէ: Օրինակ` երբ ճաշարանին մէջ ճաշ պիտի ապսպրենք, սպասեակին պէտք է ըսենք. «Կարելի՞ է խորոված հաւը ունենալ», փոխան` «Ես խորոված հաւը կ՛ուզեմ»-ի:

Ե.- ՍԻՐՈՎ: Յանձնարարելի է փոխան «Բարի եկար»-ի («You՛re welcome»)` «Սիրով» («My pleasure») ըսել: Այսպիսով ցոյց կու տանք, թէ մեր ծառայութիւնը սիրով կը կատարենք, եւ մեր օգնութիւնը բեռ չէ, այլ` ուրախութիւն: Առաւել` լուսարձակը մեր դիմացի անձին վրայէն մեր վրայ կը բերենք, երբ կը հասկցնենք, թէ սիրով կը կատարենք մեզմէ ակնկալուածը: Հոս պէտք է նաեւ խուսափինք «Հարց չկայ» («No problem») արտայայտութենէն, որպէսզի այն տպաւորութիւնը չթողունք, թէ հարց կար, սակայն մենք զայն կ՛անտեսենք:

Զ.- ՆԵՐՈՂ ԵՂԻՐ կամ ԿԸ ՆԵՐԵՍ: «Ներող եղիր»-ը կամ «Կը ներես»-ը ինքնին ներողամտութիւն խնդրել է: Ան ցոյց կու տայ, որ անդրադարձած ենք մեր գործած սխալին եւ` զայն սրբագրելու նախաձեռնած:

Է.- ԸՆԿԵՐ-ԲԱՐԵԿԱՄ կամ ԴՐԱՑԻ: Սիրալիրութեան եզրեր են «Ընկեր-բարեկամ»-ը կամ «Դրացի»-ն: Մարդիկ անցեալին աւելի յաճախ զիրար «Ընկեր-բարեկամ» կամ «Դրացի» կը կոչէին, իսկ եկեղեցիին մէջ` «Եղբայր» կամ «Քոյր»: Այս եզրերը հարազատութիւն եւ մտերմութիւն կը բուրեն: Երբ այս եզրերը գործածենք, զանոնք թէ՛ ըսողները եւ թէ՛ լսողները գոհ կը մնան: Այս եզրերը բաժանումի պատերը փուլ կը բերեն, հեռաւորութիւնը կը խափանեն եւ համայնական կեանք կը ստեղծեն: Այս եզրերով բոլորս ալ կ՛ազնուանանք եւ դրական մթնոլորտի մէջ կը յարաբերինք իրարու հետ:

Անթիլիաս, 4 մարտ 2026       

(Ազատ եւ խտացեալ թարգմանութիւն
«Թայմ» անգլերէն թերթէն)

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2026, 08:57