Հոգեխոցի ըմբռնումը եւ ծնողներու դերը` տագնապներու յաղթահարումին մէջ
Տագնապներով, պատերազմներով եւ անորոշութեամբ բնորոշուող ժամանակակից աշխարհին մէջ մանուկներու եւ պատանիներու հոգեկան եւ մտային առողջութիւնը կը դառնայ առաջնահերթութիւն` կրթական եւ ընտանեկան համակարգերուն համար: Մանուկներն ու պատանիները ոչ միայն ականատես են այս իրադարձութիւններուն, այլեւ անոնց ազդեցութեան տակ կը կերտեն իրենց աշխարհընկալումը, ինքնութիւնը եւ ընկերային յարաբերութիւնները:
Այս պայմաններուն մէջ ծնողներուն դերը կ՛անդրանցնի առօրեայ խնամքի պարտաւորութիւններու ծիրը եւ կը վերածուի հոգեբանական անվտանգութեան եւ կայունութեան միջավայր ստեղծելու պատասխանատուութեան: Այս պարունակէն ներս, հոգեխոցի (trauma) հասկացողութեան վրայ հիմնուած դաստիարակութիւնը կը դառնայ օժանդակութեան ազդեցիկ միջոց, որովհետեւ անիկա կը ներկայացնէ այնպիսի մօտեցում մը, որ կը ճանչնայ հոգեխոցի խոր ազդեցութիւնը եւ կը նպատակադրէ նպաստել մանուկ-պատանիներուն դիմադրողականութեան, ինքնակարգաւորումին եւ դրական զարգացումին (Fegert et al.,2020; Masten, 2014):
Հոգեխոցին սահմանումը եւ բազմաշերտ բնոյթը
Հոգեխոցը կը բնութագրուի որպէս խորապէս խանգարող փորձառութիւն մը, որ կը յառաջացնէ զգացական ցաւ, վախ եւ նեղութիւն. անիկա կրնայ ունենալ երկարատեւ հետեւանքներ` անհատի հոգեկան, մտային եւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ (American Psychological Association, 2023): Հոգեխոցը միշտ չէ, որ սահմանափակուած է մէկ պատահարով. անիկա կրնայ ըլլալ անմիջական կամ ուշացած ազդեցութիւն ունեցող փորձառութիւն մը, որ ժամանակի ընթացքին կը շարունակէ ներգործել անհատին վրայ:
Հոգեխոցը կրնայ արտայայտուիլ բազմաթիւ ձեւերով` ըստ փորձառութեան բնոյթին, տեւողութեան եւ ազդեցութեան խորութեան (Herman, 1992; SAMHSA, 2014): Այսպէս, սուր հոգեխոցը յաճախ կը բխի անակնկալ եւ ցնցող մէկ պատահարէ, որ կը խախտէ անհատին անվտանգութեան զգացումը եւ հոգեկան անմիջական արձագանգներ կը յառաջացնէ: Երկարատեւ հոգեխոցը կը կազմաւորուի ժամանակի ընթացքին` շարունակական ճնշումներու կամ տագնապալի պայմաններու պատճառով, ինչ որ կը յառաջացնէ ժխտական զգացումներու կուտակում: Բարդ հոգեխոցը կը յառաջանայ բազմաթիւ եւ կրկնուող ժխտական փորձառութիւններու պատճառով, յատկապէս երբ անոնք տեղի կ՛ունենան մանուկին զարգացումին կարեւոր փուլերուն ընթացքին եւ կը խանգարեն անոր բնական ընթացքը: Երկրորդական հոգեխոցը կը վերաբերի այն իրավիճակներուն, երբ անհատը ուղղակիօրէն փորձառութիւն ապրողը չէ, այլ ուրիշներու տառապանքին ականատես ըլլալով կամ անոնց օգնելու ընթացքին կը ներգրաւուի այդ զգացական ծանրաբեռնուածութեան մէջ: Կազմաւորումի հոգեխոցը կը զարգանայ մանկութեան եւ պատանեկութեան ընթացքին ապրուած ժխտական փորձառութիւններու պատճառով եւ բացասականօրէն կ՛ազդէ անհատի ինքնութեան եւ յարաբերական հմտութիւններու ձեւաւորումին վրայ: Վերջապէս, սերունդէ սերունդ փոխանցուող հոգեխոցը կը նկարագրէ այն երեւոյթը, երբ չդարմանուած բարդոյթները կը յամենան եւ կը շարունակեն ներգործել յաջորդ սերունդներուն վրայ:
Պատերազմի եւ տագնապներու ազդեցութիւնը մանուկ-պատանիներու կազմաւորումի մարզերուն վրայ
Տագնապալի իրավիճակներուն մէջ մանուկ-պատանիները յաճախ կը փորձեն հասկնալ իրենց շուրջ ծաւալող իրականութիւնը` խոր եւ գոյութենական բնոյթի հարցումներ տալով: Անոնք կը հարցնեն, թէ արդեօք ապահո՞վ են, արդեօք վտանգը անմիջակա՞ն է, ո՞վ է պատահածներուն պատասխանատուն, եւ թէ ինչպէ՞ս պիտի ձեւաւորուի իրենց ապագան: Այս հարցումները կը վկայեն այն մասին, որ մանուկ-պատանիները ոչ միայն կը զգան տագնապը, այլեւ կը փորձեն իմաստաւորել զայն: Այս իմաստաւորումի գործընթացը կրնայ դառնալ պաշտպանուելու միջոց, բայց նաեւ կրնայ խորացնել անորոշութիւնը եւ վախը, յատկապէս երբ պատասխաններ կը բացակային եւ կամ հակասական կը դառնան: Հետեւաբար չափահասներուն դերը էական է հոս, եւ անոնք պարտին յստակ, իրապաշտ, անկեղծ եւ հարցնողին միտքի զարգացումին համապատասխան ձեւով արձագանգել տրուած հարցերուն:
Տագնապալի փորձառութիւնները կը ներգործեն մանուկ-պատանիներու զարգացումին տարբեր ոլորտներուն վրայ: Զգացական մակարդակի վրայ կը յայտնուին` անձկութիւն, վախ, տխրութիւն, վիշտ, բարկութիւն եւ երբեմն զգացական հեռացում (Loades et al., 2020; Masten & Narayan, 2012): Մտային ոլորտին մէջ հետազօտութիւնները կը հաստատեն, որ շարունակական լարուածութիւնն ու տագնապը կ՛ազդեն զարգացող ուղեղին վրայ` խանգարելով զգացական կարգաւորումը, յիշողութիւնը, սորվելու կարողութիւնը, կեդրոնացումը եւ յիշողութիւնը (McLaughlin et al., 2020; Shonkoff et al., 2012): Վարուելակերպային մակարդակի վրայ նկատելի կը դառնան` գերզգօնութիւն, չափազանցուած հակազդեցութիւններ եւ յարձակողական վարուելակերպ: Ֆիզիքական մակարդակի վրայ, տագնապը կրնայ դրսեւորուիլ մարմնական ցաւերով, յոգնութեամբ, քունի խանգարումներով եւ երբեմն ալ` աճի դանդաղեցումով: Ընկերային եւ հոգեկան ոլորտներուն մէջ կրնայ զարգանալ մեկուսացում, վստահութեան պակաս, հեղինակութեան հետ խնդիրներ եւ որոշ պարագաներու` նաեւ վատ յիշողութիւններու յետադարձ եւ յանկարծակի ներխուժումներ (van der Kolk, 2014; Perry & Szalavitz, 2017):
Մանուկ-պատանիները նաեւ իրենց ներքին ապրումները կ՛արտայայտեն վարուելակերպային դրսեւորումներու միջոցով, ինչպիսիք են` ծնողներուն մօտ ըլլալու յարատեւ ցանկութիւնը, լացը, բարկութիւնը, քունի եւ սնունդի խանգարումները, կամ չափազանց շարժունութիւնը: Այս դրսեւորումները պէտք է հասկնալ որպէս օգնութեան կոչեր, ոչ` իբրեւ կարգապահական խախտումներ, եւ պէտք է զանոնք մեկնաբանել անոնց ետին գտնուող զգացական կարիքներուն լոյսին տակ (Perry & Szalavitz, 2017):
Ծնողներուն դերը` ապահովութիւն կերտող դաստիարակութեան մէջ
Ծնողները առանցքային դեր կը խաղան մանուկ-պատանիներու հոգեկան առողջութեան եւ դիմադրողականութեան զարգացումին մէջ: Ապահովութեան զգացումի վերակառուցումը կը սկսի` կայուն եւ կանխատեսելի առօրեայ ստեղծելով, հանդարտ մթնոլորտ ապահովելով եւ մանուկ-պատանիին զգացումներուն հանդէպ հասկացողութիւն ցուցաբերելով (Carello & Butler, 2020):
Հաղորդակցութիւնը պէտք է ըլլայ բաց, անկեղծ եւ մանուկ-պատանին պէտք է զգայ, որ իր հարցումները ընդունուած են եւ իր զգացումները` վաւերական (Siegel & Bryson, 2011; Bowlby, 1988): Սուտ կամ գաղտնի պահուող տեղեկատուութիւնը կրնայ խորացնել մանուկ-պատանիին մօտ անորոշութիւնը եւ անվստահութիւնը:
Դրական փորձառութիւններու ստեղծումը, ուրախ պահերու վերյիշումը եւ փոքր յաջողութիւններու արժեւորումը կը նպաստեն յուսադրիչ մտածողութեան եւ ինքնավստահութեան վերահաստատումին: Նաեւ, երախտագիտութեան եւ այլասիրութեան խրախուսումը կը զարգացնէ մանուկ-պատանիին կարողութիւնը` իր փորձառութիւնը դիտելու աւելի լայն տեսանկիւնէ, օգնելով անոր, որ չկեդրոնանայ միայն իր դժուարութիւններուն վրայ, այլ նաեւ նկատէ դրականը եւ մտածէ ուրիշներու մասին եւ, ըստ կարելիութեան, օգնէ անոնց (Emmons & McCullough, 2003; Froh et al., 2010):
Միեւնոյն ժամանակ մամուլի, լուրերու եւ ընկերային ցանցերու ազդեցութեան վերահսկողութիւնը անհրաժեշտ է, քանի որ շարունակականօրէն փոխանցուող տագնապալի տեղեկատուութիւնը կրնայ սաստկացնել վախը եւ լարուածութիւնը (APA, 2020): Ծնողը նաեւ պէտք է դառնայ դրական տիպար` ցուցաբերելով ինքնազսպում, հաւասարակշռուած մտածողութիւն եւ հանգստութիւն, որովհետեւ մանուկ-պատանիները իրենց վարուելակերպն ու հակազդեցութիւնները կը ձեւաւորեն դիտարկումի եւ կապկումի միջոցով (Bandura, 1977): Անհրաժեշտ է նաեւ շեշտել, որ երբ մանուկ-պատանիին մօտ անհանգստութեան նշանները դառնան երկարատեւ կամ խանգարող, մասնագիտական աջակցութեան դիմելը կարեւոր քայլ է անոր առողջ զարգացումի ապահովումին համար (American Academy of Pediatrics, 2014):
Ընտանիքէն ներս ստեղծուած դրական մթնոլորտին կողքին, ծնողները կարեւոր դեր ունին նաեւ իրենց զաւակները ուղղորդելու դէպի համայնքային, միութենական եւ եկեղեցական կառոյցներ, որոնք կը հանդիսանան կարեւոր հարթակներ անոր զարգացումին եւ, այս պարագային, վերականգնումին համար: Այսպիսի միջավայրեր կը խթանեն պատկանելիութեան եւ վստահելիութեան զգացումները եւ կը ստեղծեն կառոյց, կարգ ու կանոն, որոնք էական են հոգեբանական կայունութեան համար, մանաւանդ` անորոշ եւ տագնապալի հանգրուաններու ընթացքին (Masten, 2014; Ungar, 2013): Երբ ծնողները գիտակցաբար կը խրախուսեն զաւակներուն մասնակցութիւնը այս կառոյցներուն մէջ, անոնք կը բանան ուղի մը` դէպի հաւաքական փորձառութիւններ, որոնք մանուկը կամ պատանին դուրս կը բերեն իր մեկուսացումէն եւ կը նպաստեն առողջ ընկերային կապերու ձեւաւորումին: Այս միջավայրերուն մէջ մանուկ-պատանին կը ստանայ հնարաւորութիւն` արտայայտելու իր զգացումները, զարգացնելու կեանքի հմտութիւններ եւ հաղորդակցելու դրական տիպարներու հետ: Միեւնոյն ժամանակ ան կը սկսի գիտակցիլ, որ ինք մինակ չէ իր ապրումներուն մէջ, այլ կան ուրիշներ ալ, որոնք կը դիմագրաւեն նմանօրինակ փորձառութիւններ: Այս համատեղ փորձառութիւնը կը նպաստէ ներքին լարուածութեան մեղմացումին` ամրապնդելով մանուկ-պատանիին վստահութիւնը թէ՛ իր անձին եւ թէ՛ զինք շրջապատող աշխարհին հանդէպ:
Եզրակացութիւն
Տագնապները անխուսափելի են, սակայն անոնց ազդեցութիւնները անխուսափելիօրէն կանխորոշուած չեն: Գիտակից, պատասխանատու եւ գիտական հիմքերու վրայ կառուցուած դաստիարակութիւնը կրնայ մեղմացնել տագնապներու առթած ժխտական ազդեցութիւնները: Ծնողները` որպէս դաստիարակութեան առաջնակարգ կռուաններ, ունին եզակի եւ անփոխարինելի դեր իրենց զաւակներուն ներքին անվտանգութեան հաստատումին մէջ: Ապահովութիւն կերտող դաստիարակութիւնը, հոգեխոցի ըմբռնումը, իրազեկուած մօտեցումը եւ տեղեկացուած միջամտութիւնները այս իմաստով կը հանդիսանան ոչ միայն դաստիարակչական մօտեցում, այլեւ` բարոյական եւ հասարակական պատասխանատուութիւն:
ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ