Որոնել

2026.02.03 Riunione della Piattaforma analitica Cilicia

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի արտակարգ առցանց նիստ

Հարթակը պիտի շարունակէ գումարել առցանց նիստեր՝ Միջին Արեւելան երկիրներու մեր թեմերուն եւ ժողովուրդին կացութեան հետեւելու եւ ստեղծուած ճգնաժամին մեր ժողովուրդին վրայ ունեցած հետեւեանքները յաղթահարելու ուղիներ որոնելու համար։

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին, առցանց արտակարգ նիստ գումարեց Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2026-ի երեկոյեան, միակ օրակարգ ունենալով Միջին Արեւելքի պատերազմն ու անոր հետեւանքները։

Վեհափառ Հայրապետը պարզեց Իրանի, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի, Սուրիոյ մեր թեմերու հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մասին։ Ան կեդրոնացաւ յատկապէս Իրանի երեք թեմական շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակին եւ Լիբանանի պայթիւնավտանգ կացութեան վրայ։

Հարթակի վերլուծաբանները, որոնք զինուորական եւ քաղաքական ուղղութիւններու տեսակէտներէ ներկայացուցին տիրող լայնածաւալ բռնկումներուն շարժառիթները, նպատակներն ու ստացած աննախընթաց տարողութիւնը, կեդրոնացան հայկական կողմին ունենալիք արմատական փոփոխութիւններուն հետեւանքներուն վրայ։ Քննարկումներուն ամէնէն առանցքային բաժիններն էին Նախիջեւանի ուղղութեամբ արձակուած հրթիռին հանգամանքներուն պարզաբանումը, քրտական գործօնի շահագործումը եւ այս բոլորին մէջ թրքական նկրտումները։ Փորձագիտական քննարկումներուն մաս կազմեցին նաեւ այս բոլորին մէջ Պաքուի՝ առիթը օգտագործելով, Հայաստանի նկատմամբ քայլեր առնելու հաւանականութիւնները։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր նկատեց համաշխարհային մակարդակի վրայ արձանագրուող այս պատերազմներուն տարբեր ծալքերուն հետեւելու եւ զանոնք առարկայականօրէն գնահատելու «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի անդամներուն վերլուծումներուն վերահասու դառնալը։ Նիստը արձանագրեց, որ պատերազմական գօտիներու մէջ կը գործեն Միջին Արեւելքի մեր թեմերը՝ Իրանի երեք թեմերը, Քուէյթի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Ծոցի, Լիբանանի ու Սուրիոյ, եւ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաղորդագրութեամբ հրապարակուած Նորին Սրբութեան թելադրանքն ու յորդորը պատերազմական գօտիներու մէջ յայտնուած թեմերու պատասխանատուներուն՝ առաւելագոյն չափով հեռու պահելու մեր համայնքները վտանգալից պայմաններէ եւ մօտէն հետեւելու անոնց կարիքներուն ու մտահոգութիւններուն։

Բացառապէս վերոյիշեալ օրակարգով Հարթակը պիտի շարունակէ գումարել առցանց նիստեր՝ Միջին Արեւելան երկիրներու մեր թեմերուն եւ ժողովուրդին կացութեան հետեւելու եւ ստեղծուած ճգնաժամին մեր ժողովուրդին վրայ ունեցած հետեւեանքները յաղթահարելու ուղիներ որոնելու համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2026, 08:22