Որոնել

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը համախոհութեան եւ համգործակցութեան յանձնաժողովի ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը համախոհութեան եւ համգործակցութեան յանձնաժողովի ժողովին 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը համախոհութեան եւ համգործակցութեան յանձնաժողովի ժողովին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան մասնակցեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ գումարուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի յանձնաժողովի ժողովին, ուր արծարծուեցան Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութիւնն ու եկեղեցական յարաբերութիւնները։ Սրբազան հայրը շեշտեց պատերազմի անյապաղ դադրեցման հրամայականը եւ Թեսաղոնիկէի ու Աթէնքի մէջ ունեցաւ եկեղեցական ու հովուական հանդիպումներ։

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Համախոհութիւն եւ Համագործակցութիւն» յանձնաժողովը իր տարեկան ժողովը գումարեց 16–20 Մարտ 2026-ին, Թեսաղոնիկէի մէջ (Յունաստան)։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

Ժողովականներ նախ խօսեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին ու Միջին Արեւելքի ընկերաքաղաքական եւ ապահովական կացութեան մասին։ Նարեկ Սրբազան ներկայացուց տարածաշրջանին մէջ գտնուող Կաթողիկոսարանիս ու թեմերուս վիճակը եւ ընդգծեց, որ հրամայական է անմիջապէս դադրեցնել պատերազմը եւ բանակցութիւններով լուծել հարցերը։

Ժողովի օրակարգին մաս կազմեցին՝ եկեղեցիներէն լուրեր, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի գործունէութենէն լուրեր, անդամակցութեան դիմումնագրեր եւ կեդրոնական վարչութեան ու «Հաւատք եւ Կարգ» յանձնաժողովի ժողովներէն բխած հարցեր։

Երեքշաբթի, 17 Մարտին, ժողովականները այցելեցին հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր զանոնք դիմաւորեց հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Եղիա Վրդ. Մալխասեանը։ Ապա, Նարեկ Սրբազան եւ Հայր Եղիա երեկոյեան ժամերգութիւն կատարեցին։

ժողովականները նաեւ այցելեցին յոյն աւետարանական եկեղեցին եւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մայր տաճարը ու Առաջնորդին ընթրիքի հիւրը եղան։

Յայտնենք, որ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեանի հրաւէրով, Կիրակի, 15 Մարտին, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2026, 09:00