Երբ Արեւագալը կը հրաւիրէ հոգեւոր վերանորոգումի - Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան
Մեծ պահքի ընթացքին հաւատացեալին սրտին ու հոգիին խօսող արեւագալի հնչեղ ժամերգութիւնը տարբեր խորհուրդ մը կը ստանայ, երբ մարդ իր ամբողջ էութեամբ կը փորձէ իր հոգիին խորքը թափանցել եւ հասնիլ հոգեւոր վերանորոգման վսեմ գործընթացին: Արեւագալ եզրը, որ կը նշանակէ «արեւուն ծագիլը» կամ «հասնիլը», սոսկ նիւթեղէն արեւածագին չի վերաբերիր, այլ նիւթեղէնէն անդին` հոգեւոր լոյսի խորհրդանիշն է, որ կը ներկայացնէ:
Եթէ ուշադիր ակնարկ մը նետենք Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին գրիչէն ծորող արեւագալի ժամերգութեան ընթացքին երգուող բառերուն վրայ, պիտի տեսնենք հետեւեալ մաղթանքը կամ աղօթքը` «Առաւօտեան լոյսին ծագելուն հետ` Քու աննիւթական լո՛յսդ ծագէ մեր հոգիներուն մէջ»: Այստեղ Շնորհալի հայրապետը ակնարկած է հիմնական երկու լոյսերու: Առաջինը` առաւօտեան լոյսն է, այլ խօսքով` նիւթեղէն լոյսը, իսկ երկրորդը` աննիւթական լոյսը, մեր հոգիները աստուածահաճոյ մթնոլորտով ողողող եւ մեզ մեր հաւատքին մէջ ամրօրէն հաստատող լոյսը, որ ի վերջոյ ուղղակիօրէն կը նպաստէ մեր հոգեւոր վերանորոգման գործընթացին եւ ներքին լուսաւորումին:
Արամ Ա. կաթողիկոս 2026 տարին հռչակեց «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի», որ ինքնին անյետաձգելի կոչ է` փնտռելու մեր հոգեւոր զարթօնքի խորագոյն աղբիւրը` Աստուծոյ ներկայութեամբ հիւսուած ճշմարիտ լոյսը: Ճշմարիտ լոյսին հասնելու մեր որոնումին մէջ մենք կը գիտակցինք, որ լոյսը միայն սովորական արեւածագի կենաց ճառագայթը չէ, այլ ա՛յն անբիծ լոյսն է, որ Քրիստոսի միջոցով կը բոցավառի մարդկային հոգիներուն մէջ:
Լոյս բառը ընդհանրապէս մեր աղօթքներուն, սաղմոսներուն, երգերուն եւ շարականներուն մէջ գործածուած խորքային իմաստ եւ արժէք ունեցող բառ մըն է: Երբ ուզենք սահմանել, թէ ի՛նչ է լոյսը եւ ինչպիսի՛ բարերար ազդեցութիւն ունի անիկա մեր կեանքին մէջ, այն ատեն պիտի անդրադառնանք նաեւ անոր արժէքին ու կենսական ներկայութեան:
Ծննդոց գիրքին համաձայն, նիւթեղէն լոյսը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է: «Եւ ասաց Աստուած. եղիցի լոյս, եւ եղեւ լոյս: Եւ ետես Աստուած զլոյսն զի բարի է»: Մեր կեանքին մէջ շատ յաճախ չենք անդրադառնար մեր առօրեային հետ անքակտելիօրէն կապուած լոյսին կենսական դերին. մեքենայական եւ ապերախտ մօտեցումով, լոյսին գոյութիւնը սովորական դարձած երեւոյթի մը վերածուած է: Շատ յաճախ անոր մասին չենք մտածեր, եւ անոր ներկայացուցած արժէքը կը վրիպի մեր գնահատանքէն:
Եկէ՛ք, պահ մը երեւակայենք մեր կեանքը` առանց լոյսի. շատ հաւանաբար սարսափելի պատկեր մը պիտի ուրուագծուի մեր մտքին մէջ, երբ անդրադառնանք, թէ ոչինչ կը տեսնենք, ոչ մէկ գեղեցկութիւն կը վայելենք եւ ոչ մէկ իրականութիւն իր ամբողջականութեան մէջ կրնանք ընկալել:
Իսկ որքա՜ն աւելի սարսափելի եւ ահարկու վիճակի մը մէջ պիտի ըլլանք, երբ գիտակցինք, որ մեր անձերը զրկած ենք, հեռացուցած ենք ճշմարիտ լոյսէն` Աստուծմէն: Գեղեցիկ եւ հրապուրիչ է արտաքին աշխարհը, բայց արդար ու ճշմարիտ գեղեցիկը մեր ներքին աշխարհի լոյսն է, որուն պայծառացումը կ՛ապահովուի իմացական արեգակի ու հոգեւոր հուրի ճառագայթներով: Մեր ներաշխարհը եւ մեր հոգին մաքրելու եւ զանոնք լուսաւորելու համար անհրաժեշտ է, որ փարատենք մեր հոգիին վրայ իջած մէգն ու խաւարը, որպէսզի մեր հոգիներուն աստուածապարգեւ գեղեցկութիւնները երեւան գան: Այս մէկը կարելի է Քրիստոսի հետ մտերմութեան ճամբով միայն եւ Անոր ոտնահետքերուն անշեղ հետեւողութեամբ:
Մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս, իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին եղաւ հոն, ուր կարիքը կար ճշմարիտ լոյսին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ան եղաւ կարօտեալին, բանտարկեալին, կարիքաւորին, կոյրին, զրկեալին, անիրաւուածին եւ տնանկին հետ: Քրիստոս Իր իսկ անձով եւ ուսուցումներով լոյս բաշխեց, որպէսզի Իր կենսատու լոյսով լուսաւորէ մեր մտքերը եւ ջերմացնէ մեր հոգիները:
«Ես եմ լոյսն աշխարհի» աւետող մեր լուսափայլ Փրկիչը չ՛արտօներ, որ իր զաւակները մնան մեղքին ու խաւարին մէջ, ուր մեր հոգիները կը մաշին, եւ մեր մտային ու ոգեղէն լոյսերը կը մարին: Հետեւաբար պէտք է դառնանք ճշմարիտ լոյսին հետեւորդները. ա՛յն լոյսին, որ մարդուն փրկութեան համար աշխարհ գալով` համակ լոյս դարձաւ ամբողջ աշխարհին. ա՛յն լոյսին, որ մեզ դէպի լիիրաւ կեանք կ՛առաջնորդէ: Մեր կեանքէն վանենք խաւարն ու խաւարային գործերը եւ հետամուտ ըլլանք ճշմարտութեան, որովհետեւ` «Ով որ կը կատարէ` ինչ որ ճշմարիտ է, լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ, թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են» (Յh. 3:21):
Այս ամբողջ հոգեւոր ընթացքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2026 տարին «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի» հռչակելը պարզապէս խորհրդանշական յայտարարութիւն մը չէ, այլ ուղղակի հրաւէր` վերաքննելու մեր կեանքը եւ վերակարգաւորելու զայն ճշմարիտ լոյսին առաջնորդութեամբ: Այս հռչակումը մեզ կը մղէ վերագտնելու աղօթքի եւ ներհայեցողութեան կեանքը եւ գիտակցաբար մօտենալու այն լոյսին, որ ոչ միայն կը լուսաւորէ, այլեւ կը փոխակերպէ մարդուն ամբողջ էութիւնը: Այս իմաստով, արեւագալի խորհուրդը եւ վերանորոգման այս համազգային կոչը կը միախառնուին` դառնալով հրաւէր մը` նորոգուելու ոչ միայն պահեցողութեամբ, այլ` ներքին լուսաւորման եւ հոգեւոր վերածնունդի ճամբով:
Քառասնորդաց պահեցողութեան շրջանը բոլորիս համար պատեհ առիթ է լոյս Քրիստոսով լուսաւորելու մեր կեանքը եւ Շնորհալի հայրապետին սրտառուչ խնդրանքին համահունչ` պէտք է անկեղծօրէն աղօթենք, որ առաւօտեան լոյսին ծագելուն հետ` մեր հոգիներուն մէջ ծագի Տիրոջ աննիւթական լոյսը, որ միակ կենդանի եւ անմար լոյսն է:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ