Նախագահ Աուն ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը իր գնահատանքը յայտնեց ներկայ զգայուն փուլին հանրապետութեան նախագահին ունեցած դերակատարութեան` վերահաստատելով լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը երկրին փրկութեան աշխատանքներուն:
Նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը: Քննարկուեցաւ նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ երկրին ընդհանուր կացութիւնը, մասնաւորաբար լիբանանեան զանազան շրջաններուն վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումներէն ետք:
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը իր գնահատանքը յայտնեց ներկայ զգայուն փուլին հանրապետութեան նախագահին ունեցած դերակատարութեան` վերահաստատելով լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը երկրին փրկութեան աշխատանքներուն:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
20/03/2026, 08:32