Որոնել

IRAQ-CONFLICT-MINORITIES

Փարիզի մէջ ընթացք առաւ Եզիտիներու ցեղասպանութեան առնչուած առաջին դատավարութիւնը

Ֆրանսայի մայրաքաղաքի քրէական դատարանը հինգ օր տեւողութեամբ պիտի դատէ 1984-ին Ֆրանսայի հարաւային Թուլուզ քաղաքին մէջ ծնած Սայէտը` ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ ոճիրներու համար եւ 2014-էն 2016-ի միջեւ գործուած այդ ոճիրներու մեղսակցութեան համար:

Երէկ Փարիզի մէջ ընթացք առաւ ի բացակայութեան դատավարութիւնը Սուրիոյ մէջ եզիտիներու դէմ ցեղասպանութեան մասնակցութեամբ կասկածուող անձի մը, որ ֆրանսացի ժիհատական Սապրի Սայէտն է, որ կը կարծուի սպաննուած ըլլալ:

Ֆրանսայի մայրաքաղաքի քրէական դատարանը հինգ օր տեւողութեամբ պիտի դատէ 1984-ին Ֆրանսայի հարաւային Թուլուզ քաղաքին մէջ ծնած Սայէտը` ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ ոճիրներու համար եւ 2014-էն 2016-ի միջեւ գործուած այդ ոճիրներու մեղսակցութեան համար:

Եզիտի երեք կիներ դատավարութեան մէջ կը ներկայացնեն քաղաքային կողմը, եւ անոնցմէ երկուքը վկայութիւն պիտի տան:

Սապրի Սայէտ 2014 թուականին միացած է Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին եւ կը կարծուի 2018 թուականին անծանօթ պայմաններու մէջ սպաննուած ըլլալ:

Անոր մահուան պաշտօնական ապացոյցի չգոյութեան պայմաններուն մէջ, ան կը նկատուի փախստական, եւ այդ հիմամբ կը դատուի, սակայն քրէական դատարանի մը առջեւ, որ կը բաղկանայ երեք դատաւորներէ, եւ առանց դատական կազմի:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2026, 08:11