Որոնել

Մոջթաբա Խամենէի եւ Այաթոլլա Խամենէի Մոջթաբա Խամենէի եւ Այաթոլլա Խամենէի  (AFP or licensors)

Մոջթաբա Խամենէի Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետ

Իրանի Մասնագէտներու խորհուրդը երկրի նոր գերագոյն հոգեւոր պետ նշանակած է Մոջթաբա Խամենէին՝ հակառակ Իսրայէլի սպառնալիքներուն եւ Տանըլտ Թրամփի կողմէ հնչած խիստ նախազգուշացումներուն։ Այս նշանակումը կը կատարուի տարածաշրջանային սուր լարուածութեան մթնոլորտի մէջ, ուր իրանեան զինուորական պատրաստուածութիւնն ու հակադարձութիւնը անակնկալի մատնած են Ուաշինկթընի պաշտօնատարները։

Իրանի ղեկավարութեան խորհուրդը յայտարարեց. «Այաթոլլա Մոջթաբա Խամենէի երկրի ղեկավար նշանակուեցաւ»:

Խորհուրդը իր յայտարարութեան մէջ նշեց. «Սահմանադրութեամբ եւ Մասնագէտներու ժողովի ներքին կանոնակարգով սահմանուած պարտաւորութիւններուն համապատասխան, խորհուրդը իր օրակարգին վրայ ներառած է նոր ղեկավար ընտրելու նպատակով արտակարգ նիստ գումարելու անհրաժեշտ քայլերն ու կազմակերպչական հարցերը:

«Ատկէ մեկնելով, համապատասխան ծրագրաւորում եւ անհրաժեշտ համակարգում կատարուեցաւ խորհուրդի ամբողջ երկրի տարածքին գտնուող յարգարժան անդամներու` նիստ կատարելու համար, որպէսզի երկիրը չտուժէ ղեկավարութեան որեւէ բացէ` հակառակ սահմանադրութեան 111-րդ յօդուածին մէջ նախատեսուած իմաստուն քայլերուն, որոնք ուղղուած են ժամանակաւոր ղեկավարութեան խորհուրդ ստեղծելուն», յայտարարեց խորհուրդը:

Նախքան այդ, Իրանի Մասնագէտներու խորհուրդի անդամ Ալի Հուսէյնի Աշքաֆարի, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ընտրութեան մասնակցած էր, յայտարարեց, թէ նախկին գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի պիտի յաջորդէ անոր որդին` Մոջթաբա Խամենէի:

Ան շեշտեց. «Խամենէիի անունը անմահ պիտի մնայ»:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլ սպառնացած էր թիրախաւորել ոեւէ անձ, որ այդ պաշտօնը կը ստանձնէ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս նշած էր. «Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետը երկար պիտի չգոյատեւէ, եթէ մեր հաւանութիւնը չստանայ»:

«Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետը պէտք է մեր հաւանութեան արժանանայ` վստահ ըլլալու համար, թէ տասը տարին անգամ մը վերադառնալու պիտի չստիպուինք», ըսած էր ան:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի գրասենեակի քաղաքական խորհրդատուներէն մէկը երէկ յայտարարեց. «Պատերազմը երկար ժամանակ շարունակելու կարողութիւնը ունինք, եւ ներկայիս դիւանագիտութեան առիթ չկայ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց. «Ամերիկեան հրթիռներն ու հալածիչները մեր վրայ յարձակում կը գործեն մերձակայ երկիրներէն, ինչ որ շրջանային ապահովութիւնը կը վտանգէ»:

Աղբիւր մը ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ»-ին յայտնեց. «Նախնական գնահատականները ցոյց կու տան, թէ Ամերիկան կրնայ պատասխանատու ըլլալ Իրանի հարաւին մէջ սխալմամբ դպրոցի մը վրայ կատարուած յարձակումին համար»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակը առնուազն մէկ ամիս տեւողութեամբ պատերազմի կը պատրաստուի»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, որ ստացուած մեծ վնասները ցոյց տուած են, թէ Իրան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի նախատեսածէն աւելի լաւ պատրաստուած է:

Պաշտօնատարները օրաթերթին ըսած են, թէ Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնատարները իրանեան զինուորական հակադարձութենէն անակնկալի մատնուած են, որովհետեւ չէին նախատեսեր, որ վրիժառական հարուածները լայնածաւալ կամ շարունակական պիտի ըլլան, եւ ծրագրողները կը նախատեսէին, որ Իրանի մէջ գործողութիւնները Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցածին նման ընթանան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2026, 08:00