Մաքրոն Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու կոչ կ՛ուղղէ
Իրաքի Հըզպալլայի փաղանգները յայտարարեցին, որ հինգ օրով կ՛առկախեն Պաղտատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վրայ իրենց յարձակումները, սակայն պայմաններով:
Իրաքի Հըզպալլայի փաղանգները իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ իրենց պայմաններն են, որ Իսրայէլ դադրեցնէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու բնակչութեան տեղահանումն ու ռմբակոծումը եւ յանձնառու դառնայ Պաղտատի եւ այլ նահանգներու մէջ բնակուած շրջանները չհրթիռակոծելու:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը սերտէ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան գործողութիւններու ամրապնդման համար ամերիկացի հազար զինուորի տեղակայման հարցը:
Պաշտօնատարը նշած է, որ ընտրանքներու շարքին է Հորմուզի Նեղուցէն անցնող քարիւղատար նաւերուն անցքի ապահովումը:
Ամերիկեան վարչակազմը սերտած է շարք մը բեմագրութիւններ, ներառեալ ցամաքային ուժեր իրանեան Խարք կղզի ուղարկելը` նշելով, որ ատիկա կը նշանակէ իրանեան ծովեզերքին վրայ ամերիկեան ուժերու տեղակայում:
Ուաշինկթընի Նպատակները Չեն Փոխուած
Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ պատերազմին մէջ Միացեալ Նահանգներու նպատակները 28 փետրուարի առաջին հարուածներէն ի վեր չեն փոխուած:
Հեկսեթ լրագրողներուն յայտնեց, որ նպատակները տակաւին իրանեան հրթիռներու արձակման հարթակներու քանդումը, Իրանի ռազմարդիւնաբերութեան հիմերու եւ ծովուժի քանդումը, ինչպէս նաեւ Թեհրանին հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելն է:
Թրամփ. «Փարսի Հարաւի Դաշտը Ամբողջութեամբ Քանդելու Պիտի Չտատամսիմ, Եթէ…»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Միջին Արեւելքի մէջ պատահածին նկատմամբ զայրոյթէ մղուած, Իսրայէլ բուռն յարձակում գործեց Իրանի մէջ հարաւային Փարս կազի դաշտին վրայ, եւ յարձակումը ամբողջ դաշտէն համեմատաբար փոքր բաժին մը թիրախաւորեց»:
«Միացեալ Նահանգներ տեղեակ չէին այս յարձակումէն, եւ Քաթար որեւէ ձեւով անոր մեղսակից չէր եւ ատկէ նախապէս տեղեակ չէր», յայտարարեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Դժբախտաբար, Իրան ատկէ տեղակ չէր, ո՛չ ալ հարաւային Փարս դաշտին վրայ յարձակումին առնչուած որեւէ իրողութենէ, ուստի անարդարանալի եւ անարդար կերպով յարձակումի ենթարկեց Քաթարին պատկանող հեղուկ բնական կազի կառոյցի մէկ մասը», ըսաւ ան:
«Իսրայէլ չափազանց կարեւոր ու արժէքաւոր հարաւային Փարս դաշտին դէմ որեւէ այլ յարձակում պիտի չգործէ, բացի եթէ Իրան անպատասխանատու կերպով որոշեց յարձակում գործել անմեղ պետութեան մը դէմ, որ այս պարագային Քաթարն է», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Այդ պարագային, Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլի օգնութեամբ կամ ոչ, Իրանի նախապէս չտեսած հսկայական ուժով ամբողջութեամբ պիտի պայթեցնէ կազի հարաւային Փարս դաշտը», շեշտեց Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընդգծեց. «Չեմ ուզեր այդ մակարդակի բռնութիւն եւ քանդում արտօնել, սակայն եթէ քաթարեան հեղուկ բնական կազի խողովակաշարը մէկ այլ յարձակումի ենթարկուի, պիտի չտատամսիմ այդ մէկը կատարելու»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը գրեց. «Իսրայէլի մէջ կը պնդեն, թէ Թրամփ տեղեակ էր հարաւային Իրանի մէջ նաւթարդիւնաբերութեան կառոյցներու վրայ կատարուելիք յարձակումէն»:
Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղէ` Քաղաքային Ենթակառոյցներու Դէմ Հարուածները Անմիջապէս Դադրեցնելու
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն նշեց. «Երէկ Իրանի եւ Քաթարի մէջ կազի արտադրութեան կառոյցները թիրախաւորող յարձակումներէն ետք, Քաթարի Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ խօսեցայ»:
«Մեր հասարակաց շահերէն կը բխի, որ անյապաղ քաղաքային ենթակառոյցները, մասնաւորաբար ուժանիւթի եւ ջուրի մատակարարման կառոյցները թիրախաւորող յարձակումներու ժամանակաւոր դադրեցում կատարենք:
«Պէտք է քաղաքային բնակչութիւնն ու անոնց հիմնական կարիքները, ինչպէս նաեւ ուժանիւթի մատակարարումներու անվտանգութիւնը պաշտպանել», նշեց Մաքրոն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի քննադատեց Մաքրոնի դիրքորոշումը` նշելով, որ անոր կողմէ Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմին որեւէ դատապարտում չէ հնչած:
Արաղչի «Էքս»-ի վրայ գրեց, որ Մաքրոն Իսրայէլը չդատապարտեց, երբ Թեհրանի մէջ վառելանիւթի պահեստաւորման կառոյցները թիրախաւորեց, ինչ որ միլիոնաւոր անձեր թունաւոր նիւթերու ենթակայ դարձուց, ինչպէս նաեւ իրանեան կազի կառոյցներուն վրայ յարձակումներէն ետք որեւէ դիրքորոշում չարտայայտեց:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ Մաքրոն «մտահոգութիւն» յայտնեց միայն իրանեան հակադարձութենէն ետք, ինչ որ «ցաւալի է»:
Ֆրանսայի նախագահը աւելի ուշ յայտնեց. «Իրանի մէջ պատերազմը կ՛ազդէ համաշխարհային ուժանիւթի շուկային վրայ, ուստի պէտք է զայն դադրեցնել եւ բանակցութիւններուն վերադառնալ»:
Մաքրոն ուժանիւթի ենթակառոյցին վերաբերեալ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու կոչ ուղղեց:
«Պէտք է Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումը վերականգնել եւ Միջին Արեւելքի մէջ կռիւը թէկուզ քանի մը օր դադրեցնել` դիւանագիտութեան առիթ տալու համար», ըսաւ ան:
Փեքին.«Իրանցի Ղեկավարներու Ահաբեկումն Ու Քաղաքային Թիրախներ Յարձակումի Ենթարկելը Բացարձակապէս Անընդունելի Է»
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լին Ճիան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մենք միշտ ալ դէմ եղած ենք միջազգային յարաբերութիւններու մէջ ուժի կիրարկման»:
«Իրանցի ղեկավարներու ահաբեկման եւ քաղաքային թիրախներու վրայ յարձակումի նպատակ հետապնդող արարքները բացարձակապէս անընդունելի են», նշեց ան:
Հիւսէյն Տահքան Նշանակուեցաւ Լարիժանիի Պաշտօնին
Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Իրանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Հիւսէյն Տահքան նշանակուած է Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար:
Տահքան կը նկատուի Յեղափոխական պահակագունդի բարձրաստիճան նախկին հրամանատարներէն մէկը: Ան Հասան Ռուհանիի կառավարութեան մէջ վարած է պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը:
Ան այդ պաշտօնին կը նշանակուի խորհուրդի նախկին քարտուղար Ալի Լարիժանիի իսրայէլեան օդային յարձակումով ահաբեկումէն քանի մը օր ետք:
Քըրքաշ. «Իրանեան Յարձակումները Արաբական Երկիրներու Իսրայէլի Եւ Ամերիկայի Հետ Յարաբերութիւններու Ամրապնդման Կրնան Յանգեցնել»
Իսրայէլեան «Այ. 24» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական խորհրդատու Անուար Քըրքաշ յայտնած է, որ Ծոցի շրջանին մէջ իրանեան յարձակումները կրնան անուղղակի կերպով արաբական պետութիւններու Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման յանգեցնել:
Քըրքաշ նշած է, որ Իրանի վարած քաղաքականութիւնը հակառակ արդիւնքը կու տայ, որովհետեւ շրջանի պետութիւնները կը մղեն Իսրայէլի հետ իրենց ապահովական գործակցութիւնը սերտացնելու, փոխան անկէ հեռանալու:
Ան ըսած է, որ նախապէս Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացուցած պետութիւնները աշխատանք պիտի տանին այդ գործակցութիւնը խորացնելու, իսկ այլ պետութիւններ հաղորդակցութեան նոր խողովակներու բացման կ՛ուղղուին:
Քըրքաշ յայտնեց, որ ներկայ իրադարձութիւնները կը վերագծեն շրջանային պատկերացումները, որովհետեւ Իսրայէլ այլեւս կը դիտարկուի իբրեւ սպառնալիքներու դիմակայման մէջ ապահովական գործընկեր եւ ոչ թէ աւանդական հակառակորդ:
Ան շեշտեց Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւններու պահպանման մէջ ունեցած առանցքային դերակատարութիւնը` ընդգծելով, որ ներկայ մագլցումին լոյսին տակ այդ դերակատարութեան կարեւորութիւնը կրնայ մեծնալ:
Իրան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Փոխհատուցում Կը Պահանջէ
Իրան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն փոխհատուցում կը պահանջէ` վերջինս մեղադրելով իրանեան տարածքին դէմ Միացեալ Նահանգներու հարուածներուն աջակցելու յանցանքով: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին ուղղուած նամակին մէջ գրած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Ամիր Սայիտ Իրաւանին:
Ան նամակին մէջ նշած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իր տարածքը հարուածներու համար օգտագործել արտօնելու որոշումը կը հանդիսանայ միջազգային օրէնքի տեսանկիւնէն անօրինական արարք, որ պետական պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ:
«Միջազգային հարթակի վրայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու անօրինական գործողութիւնները յանգեցուցած են միջազգային օրէնքով նախատեսուած պատասխանատուութեան եւ կը պահանջեն վնասի վերականգնում, ներառեալ Իրանին պատճառուած բոլոր նիւթական եւ ոչ նիւթական կորուստներուն դիմաց փոխհատուցման վճարումը», կը գրէ Իրաւանի:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Պրենթ քարիւղի գինը աւելի քան 5 առ հարիւրի աճ արձանագրեց Իրանի կազի գլխաւոր դաշտերէն մէկուն թիրախաւորումէն ետք քարիւղի եւ կազի կառոյցները հարուածելու սպառնալիքէն ետք Միջին Արեւելքէն քարիւղի մատակարարումներուն վերաբերեալ նոր մտավախութիւններու պատճառով:
Պրենթի գինը 5,1 առ հարիւրի ոստում մը արձանագրելով անոր տակառին գինը հասաւ 112,84 առ հարիւրի, իսկ արեւմտեան Թեքսասի քարիւղի գինը բարձրացաւ 2,5 առ հարիւրով եւ անոր տակառին գինը հասաւ 98,69 առ հարիւրի:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ուժանիւթի ենթակառոյցներուն վրայ յարձակումէն ետք, կազի եւրոպական գիները բարձրացած են 35 առ հարիւրով:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ