Լիբանանի հայկական թաղամասերուն մէջ պայթումի ձայները լսելի են. Տուժած անձերուն մէջ հայեր չկան
Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ պատերազմական կացութեան եւ ըսաւ, որ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով տուժած անձերուն մէջ հայեր չկան։
«Իսրայէլ կը շարունակէ թիրախային հարուածներ իրականացնել զանազան ուղղութիւններով` ոչ միայն հարաւային շրջանին մէջ, այլ նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն: Այսօր նոյնիսկ քրիստոնէական թաղամասին մէջ գտնուող պանդոկ մը թիրախ դարձաւ: Արդէն յայտարարուած է, որ ընդհանուր առմամբ 50 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ կան: Իսրայէլ Լիբանանի հարաւային շրջաններու բնակիչներուն կոչ ուղղեց՝ հեռանալու, որովհետեւ ներխուժման գործողութիւններու ծրագիր կայ: Իրավիճակը բարդ եւ մտահոգիչ է, նաեւ՝ անկանխատեսելի», յայտնեց Գանտահարեան:
Պատասխանելով լիբանանահայութեան վիճակին մասին հարցումի մը՝ ան ըսաւ. «Խուճապ չկայ, բայց անորոշութիւն կը տիրէ։ Հայերը եւս, ինչպէս Լիբանանի մէջ ապրող բոլոր անձերը, մտահոգ են, բայց երկիրէն հեռանալու մասին քննարկումներ չկան: Դպրոցները եւ համալսարանները այս օրերուն փակ են, որովհետեւ անոնց մէջ գաղթականներ կը տեղաւորուին: Օտար օդանաւային ընկերութիւնները ժամանակաւորապէս դադրեցուցած են թռիչքները. լիբանանեան օդանաւային ընկերութիւնները կ՛աշխատին սահմանափակ ուղղութիւններով: Խանութները բաց են, բայց շուկան բնական չ՛աշխատիր: Փողոցները ամայի չեն այդքան, բայց նախկին երթեւեկը չկայ: Դժուար է ըսել, թէ ինչպէս պիտի զարգանան իրադարձութիւնները»:
Գանտահարեան նաեւ նշեց, որ հայկական թաղամասերուն մէջ թէ՛ գիշերը, թէ՛ ցերեկը յաճախ լսելի են պայթումներու ձայներ, որովհետեւ ռմբակոծուած շրջանները հայկական թաղամասերէն այդքան ալ հեռու չեն։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ