TOPSHOT-LEBANON-ISRAEL-IRAN-US-WAR

Զինադուլ հաստատելու համար՝ Լիբանան պատրաստ է Իսրայէլի հետ բանակցելու

«Այն միջոցին, երբ ձեր հետ կը խօսիմ, իմ ժողովուրդէս 600 հազար անձեր տեղահանուած թափառական վիճակի մատնուած են, արձանագրուած են 400 զոհեր, որոնց 83ը մանուկներ եւ 42ը կիներ են, մինչ 1100 վիրաւորներ դարմանումի կը սպասեն», յայտնեց Աուն` եւրոպական շրջանակներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լիբանանի ոչ-նախանձելի վիճակին վրայ:

Լիբանանի մէջ հետզհետէ սաստկացող պատերազմական գործողութիւններու եւ արձանագրուող աւերներու ու մարդկային կորուստներու լոյսին տակ, Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթայի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյենի հրաւէրով կազմակերպուած եւ Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններուն նուիրուած առցանց հանդիպումի մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնեց բանակցելու Իսրայէլի հետ՝ զինադուլ հաստատելու նպատակով։

Ան նաեւ վերահաստատեց Լիբանանի կառավարութեան կողմէ «Հըզպալլա»ի զինեալ  գործունէութիւնը արգիլելու որոշումը եւ պարզեց իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով Լիբանանի մէջ ընդհանուր իրավիճակը:

«Այն միջոցին, երբ ձեր հետ կը խօսիմ, իմ ժողովուրդէս 600 հազար անձեր տեղահանուած թափառական վիճակի մատնուած են, արձանագրուած են 400 զոհեր, որոնց 83ը մանուկներ եւ 42ը կիներ են, մինչ 1100 վիրաւորներ դարմանումի կը սպասեն», յայտնեց Աուն` եւրոպական շրջանակներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով Լիբանանի ոչ-նախանձելի վիճակին վրայ:

Աուն Իսրայէլի պատերազմական քայլերը«օրէնքները անտեսող» որակեց, իսկ «Հըզպալլա»ն` «լիբանանեան իշխանութեան որոշումները անտեսող զինեալ խմբակ»:

«2 Մարտի առաւօտեան, Լիբանանէն արձակուած 6 հրթիռները, հակառակ իրենց ապարդիւն ուժականութեան, Լիբանանը մղեցին ծրագրուած ծուղակի, ուր Լիբանան հարկադրուած պէտք է ըլլար կա՛մ ճակատելու թշնամիին դէմ` վտանգի ենթարկելով իր ժողովուրդը, կա՛մ  խուսափելով զինեալ ճակատումէն՝ առիթ ընծայել, որ նշեալ զինեալ խմբակը ի՛նք ճակատի այն ենթադրեալ հիմնաւորումով, թէ պետութիւնը անզօր է պաշտպանելու իր ժողովուրդը», ըսաւ Աուն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2026, 08:21