Որոնել

Լիբանանի նախագահ Աուն Լիբանանի նախագահ Աուն  (AFP or licensors)

Լիբանանի նախագահը դատապարտած է Իսրայէլի հարուածները կամուրջներուն

Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աուն դատապարտած է Իսրայէլի կողմէ երկրի հարաւային կամուրջներու թիրախաւորումը՝ զայն որակելով ցամաքային ներխուժման նախերգանք։ Ան միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնած է զինաթափելու «Հըզպալլա»-ն եւ Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններ սկսելու՝ պատերազմին վերջ դնելու նպատակով։

«Հըզպալլա»-ի դէմ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Իսրայէլ Լիբանանի հարաւին մէջ հերթական կամուրջը պայթեցուցած է՝ խմբաւորման տեղաշարժը խոչընդոտելու համար։ Լիբանանի նախագահը դատապարտած է կամուրջներու թիրախաւորումը՝ զայն անուանելով «անարդարացուած»։ Այս մասին կը հաղորդէ The Associated Press գործակալութիւնը։

«Ասոնք (հարուածները) ցամաքային ներխուժման նախերգանք են»,– ըսած է նախագահ Ժոզէֆ Աունը։

Ան աւելցուցած է, որ Լիբանանը իր մտահոգութիւնները բարձրացուցած է դիւանագիտական ուղիներով։

Աունը նաեւ խոստացած է զինաթափել «Հըզպալլա»-ն եւ ուղղակի բանակցութիւններ առաջարկած է Իսրայէլին՝ պատերազմին վերջ դնելու համար։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2026, 09:34