Հայ Կինը՝ անցեալէն մինչեւ այսօր. Մարտ 8-ի կանանց միջազգային օրուան առիթով
Հայ կեանքէն ներս աւանդաբար հայ կանայք եղած են ընտանիքին հիմքը։ «Սուրբ մօր» կերպարը կը խորհրդանշէ կարեկցանք, գուրգուրանք եւ անձնազոհութիւն:
Հայերը կանանց գնահատած են նախաքրիստոնէական ժամանակներէն ի վեր եւ իբրեւ յարգանքի նշան, իրենց կուռքերուն տուած են կանացի անուններ։
Պատմականօրէն, յատկապէս 19րդ եւ 20րդ դարերուն, հայ կանայք յառաջատար դեր ունեցած են հայ միտքի լուսաւորութեան, կրթութեան եւ գրականութեան ոլորտներէն ներս: Անոնք 1915էն ետք աւելի տեսանելի դարձել են հայ հասարակութեան, արուեստի, առեւտրական կեանքին մէջ, ոմանք հասնելով տղամարդկանց հետ հաւասար մակարդակի, երբեմն ալ անոնց գերադասելով: Հայ հասարակութեան կեանքէն ներս հայ կանանց դիրքին վերաբերեալ զարգացումի շրջանները կարելի է հետեւեալ ձեւով ամփոփել․
1․ ԱՆՑԵԱԼԻ ՇՐՋԱՆ
Հայ կինը անցեալին մնացած է երկրորդական դիրքի մէջ, իսկ անոր պատմական ու աւանդական դերը եղած է հանդիսանալ «Ընտանիքին սիւն»ը եւ «Սուրբ մայր»ը:
2․ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՇՐՋԱՆ
19րդ դարի վերջերը կրնանք անուանել «Հայ Կանանց Զարթօնք»ի շրջան, երբ հայ ժողովուրդը իր ծոցէն տուած է այնպիսի կին մտաւորականներ եւ գործիչներ, ինչպիսին են՝ Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Եսայեան, Հայկանոյշ Մարք, Զապէլ Ասատուր եւ այլ հռչակաւոր հայ կանայք, որոնք դարձան հայ գրականութեան, կրթութեան, մշակոյթի, արուեստի ոլորտներու ռահվիրաներ։
3․ ՖԵՄԻՆԻՍՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ՇՐՋԱՆ
19րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20րդ դարու սկիզբը, Օսմանեան կայսրութեան հայ կանայք կը հրատարակէին ֆեմինիստական (կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան) ամսագիրներ, յօդուածներ, կը հիմնէին կնոջ ընկերութիւններ եւ կը պաշտպանէին կանանց կրթութեան ու մասնագիտական իրաւունքները։
4․ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆ
1908ի Օսմանեան սահմանադրական յեղափոխութիւնը հայ կինը աւելի գործօն դարձուց յատկապէս կրթութեան ու մշակոյթի ոլորտէն ներս ետք։ Հայ յառաջադիմական կանայք ստեղծեցին հայ կանանց միութիւններ օրինակ՝ «Հայրենասէր Հայ Կանանց Միութիւն»ը։
5․ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՇՐՋԱՆ
Այսօր, հայ կանայք մեծ յաջողութիւններու եւ զարգացումներու հասած են կրթութեան, աշխատանքի, ընկերային, քաղաքական եւ այլ ոլորտներէ ներս, անցեալի համեմատ աւելի մեծ ազատութիւններ ձեռք բերելով եւ հասած՝ տղամարդկանց հետ հաւասար իրաւունքներ ունենալու մակարդակին։
Այս բարեփոխումները, դրականօրէն ազդելով հասարակական կեանքին եւ հասարակութեան անդամներուն մտածելակերպին վրայ, հասարակութիւնը հասցուցած է արդիականութեան։
ՏՈՔԹ․ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ