Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունեց Հայաստանի մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակը
Մարտ 5-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ Արքեպիսկոպոս Անթէ Եոզիչը։
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմի Կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական յարաբերութիւններուն եւ միջեկեղեցական գործակցութեան հետագայ սերտացման։
Զրուցակիցները խօսեցան նաեւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին եւ Հայաստանի մէջ Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու ներկայ կացութեան մասին։
Վերջաւորութեան, Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթանքները յղեց Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Պապին։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ