Հակառակ զինադուլի կոչերուն եւ բանակցութեանց պատրաստակամութեան. Իսրայէլ կ՛աւերէ Լիբանանը երեք փուլերով
Անցնող 28 փետրուարէն ի վեր Իրանի դէմ բռնկած իսրայէլեան-ամերիկեան յարձակողական արշաւը եւ ապա 2 մարտին Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումները հետզհետէ կը քողազերծեն Իսրայէլի իսկական նպատակները շրջանին ու Լիբանանի դէմ, սկսելով Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու շրջանէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ աւաններ ու Պեքայի եւ Պաալպեքի տարածքները: Վերջին 48 ժամերու զարկերը սակայն յարձակումները կը դասեն նոր ու վտանգաւոր ուղղութեամբ: Այս փուլին չհասնելու համար Լիբանան ձեռնարկած էր թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութեանց` փորձելով կանխել Լիբանանի դէմ նորանոր աւերիչ քայլեր: Առ այդ, երէկ արդէն տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընէին, թէ Լիբանան կազմած է Կիպրոսի մէջ նախատեսուող բանակցութեանց մասնակցելու կոչուած իր յանձնախումբը: Նմանապէս Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն սերտ հաղորդակցութիւններ ունեցած էր միաժամանակ լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատկան պատասխանատուներուն հետ` թախանձագին կոչ ուղղելով դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները: Իսկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես կը նախատեսուի, որ այսօր հասնի Պէյրութ` մօտէն հետեւելու կացութեան զարգացումներուն: ՄԱԿ-ի պատասխանատուն լիբանանցի ղեկավարներուն հետ պիտի քննէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան կարելիութիւնները:
Սակայն կը թուի, թէ Իսրայէլ կ՛ուզէ միայն իր տեսակէտի իրագործումը պարտադրել: Արդէն իսկ իսրայէլեան ուժեր հարաւային սահմաններէն ներս թափանցելով դիրքաւորուած են 18 կեդրոններու մէջ` ընդարձակելով իրենց ոտնձգութիւններու կարկինը: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր երէկ իսրայէլացի նախարար Քացի յայտարարութիւնը, թէ «մենք զգուշացուցինք Լիբանանը, որ արգիլէ Հըզպալլայի զինեալ գործողութիւնները, սակայն այս գծով դրական քայլերու չգոյութեան, մե՛նք ստանձնեցինք այդ քայլը, որ կրնայ յանգիլ հողերու տիրացման»: Այս գծով ՖԻՆԻՒԼ-ի պատասխանատու աղբիւր մը յայտնեց, որ այս կառոյցի պատկան պատասխանատուներ մօտէն կը հետեւին դէպքերու զարգացումին ու իրենք սերտ կապի մէջ են լիբանանեան եւ իսրայէլեան պատկան կողմերուն հետ` ամէն զօրակցութիւն ցուցաբերելով շուտափոյթ լուծման յանգելու առաջադրանքով: Փաստօրէն, երէկ իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Իսրայէլ կը ծրագրէ մէկ շաբթուան ընթացքին լայնածիր յարձակումի ձեռնարկել եւ թափանցել հարաւային Լիբանանի խորքերը: Խորքին մէջ, մինչեւ երէկ երեկոյեան ժամը վեցի շուրջ, արդէն իսրայէլեան օդուժը անօդաչու սարքերով ուղղակիօրէն թիրախաւորեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի գործունէութեան ծիրին պատկանող կառոյցներ` պատճառելով նիւթական ահաւոր վնաս ու աւեր: Ուշագրաւ է, որ Իսրայէլի թաթը հետզհետէ կը թափանցէ նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի սահմաններէն ներս, ուր նորագոյն թիրախներէն էին` Պէյրութի Սոտեքօ շրջանին կից Պաշուրա շրջանին մէջ գտնուող «Ահմետ Ապպաս» կոչուող մէկ շէնքը, որ ըստ իսրայէլեան «հիմնաւորումին» անոր ստորերկրեայ պահեստանոցին մէջ «Հըզպալլա միլիոնաւոր տոլարներու կոկիկ գումար ամբարած է իր գործունէութիւնը ծաւալելու համար»: Աւելի ուշ Իսրայէլ հարուածեց նաեւ «Սելիմ Սալամ» կամուրջին կից, «Քապալան» գորգավաճառքի հաստատութեան դիմաց գտնուող Զոքաք Պլաթի «Քարտ Հասան» վարկային հաստատութեան մասնաճիւղը, որուն պատկան պատասխանատուները փութացած էին երէկ առաւօտուն հաստատութեան մուտքէն վերացնել անոր անունը` խուսափելու համար անոր ռմբահարումէն: Անմիջական օժանդակութեան ինքնաշարժներ փութացին խոցուած վայրերը` հեռացնելով այդ վայրերուն շուրջ համախմբուող քաղաքացիները: Աւելի ուշ Հըզպալլայի անդամ երեսփոխան Ամին Շըրրի այցելեց Զոքաք Պլաթի «Քարտ Հասան» շէնքին մօտ եւ այս գծով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով դիտել տուաւ, թէ «խօսքը ներկայիս մարտադաշտին կը պատկանի»: Ազդարարութիւններու լոյսին տակ Պէյրութի նշեալ շրջաններու բնակիչներ շտապեցին հեռանալ Պաշուրայի եւ ապա Զոքաք Պլաթի իրենց բնակարաններէն` հետիոտն ուղղուելով դէպի մայրաքաղաք Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակ:
Նախքան այդ, նախանցեալ գիշեր` չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան այգաբացին Իսրայէլ հարուածած էր նաեւ Պէյրութի ծովեզերեայ ափին` Ռաուշէի կից Ռամլեթ Պայտայի մէկ կառոյցը, ուր Իսրայէլ յաւակնեցաւ յոխորտալու, թէ թիրախաւորած է իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի մէկ պատասխանատուն:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ