Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Լիբանանը հարաւը Իսրայէլ կը շարունակէ հարուածել Լիբանանը հարաւը  (ANSA)

Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի հարաւը եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձանները հարուածել

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 2 Մարտէն (Լիբանանի վրայ յարձակումներու սկիզբ) ի վեր կատարուած բազմաթիւ յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 486ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 1313ի։

Իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին Լիբանանի վրայ իրենց յարձակումները յաւելեալ ծանր թափով` պատճառելով նոր զոհեր եւ վիրաւորներ ու նիւթական հսկայական վնասներ:

Յարձակումներու թիրախ կը դառնան յատկապէս լիբանանեան հարաւային շրջանները եւ Պէյրութի հարաւային արուարձանները, ուր, ըստ Իսրայէլի, կան «Հըզպալլա»ի զինուորական կարողութեան վերաբերող ենթակառոյցներ, առ այդ, աշխատանք կը տարուի զանոնք ոչնչացնելու։

Սակայն, այս յարձակումներուն ընթացքին մեծապէս կը տուժեն քաղաքացիներ եւ բնակելի շէնքեր ու շրջաններ։

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 2 Մարտէն (Լիբանանի վրայ յարձակումներու սկիզբ) ի վեր կատարուած բազմաթիւ յարձակումներուն պատճառով  արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 486ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 1313ի։  

Շաբաթավերջին Պէյրութի արեւմտեան շրջաններէն Ռաուշէի պանդոկի մը վրայ կատարուեցաւ իսրայէլեան թիրախային հրթիռարձակում մը, որուն պատճառով սպաննուեցան հարաւային Լիբանանէն հոն իջեւանած գաղթականներ։ Յարձակումին զոհ գացին չորս իրանցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնք պանդոկի մէջ արձանագրուած էին լիբանանեան անձնաթուղթերով։

Ասոր կողքին, իսրայէլեան բանակային յատուկ խմբակ մը, լիբանանեան բանակի տարազով ծպտուած՝ ցամաքային ներթափանցում մը կատարեց դէպի Պաալպեքի Նեպի Շիթ շրջանը, սակայն շրջանի բնակիչները անդրադառնալով կատարուածին` զինեալ բախումներ ունեցան, ստիպելով թշնամիին ետ քաշուելու: Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ անոնք եկած էին տասնամեակներ առաջ իրենց անհետացած օդաչու զինուորին` Ռոն Արատիմ դիակին աճիւնները փոխադրելու:

Աւելի ուշ, իսրայէլեան ուժերը ծանրօրէն ռմբակոծեցին շրջանը, սպաննելով մօտաւորապէս 40 անձեր։

 «Հըզպալլա»ն իր կարգին կը շարունակէ ռմբակոծել Իսրայէլի մէջ զանազան շրջաններ։

Պատերազմական վիճակին եւ իսրայէլեան մնայուն սպառնալիքներուն պատճառով, տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ գաղթական դարձան. անոնց համար տրամադրուեցան դպրոցներ, մարզական աւաններ եւ այլ կառոյցներ, իսկ կան ոմանք, որոնք իրենց ինքնաշարժներուն մէջ կամ փողոցները կը գիշերեն։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2026, 08:01