TOPSHOT-LEBANON-ISRAEL-IRAN-US-WAR

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հարուածել մարդկային թէ տնտեսական կարեւոր թիրախներ

Իսրայէլացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ երէկ շարունակեցին իրենց ժխտական կտրուկ ընդդիմութիւնը զինադուլի կամ բանակցութեան առնչութեամբ: Անոնք նախապայման կը նկատեն նախ Հըզպալլայի ամբողջական զինաթափումը եւ միայն իրենց հիւսիսային բնակեցման վայրերու ապահովութեան երաշխիքներու ապահովումը:

Հակառակ բազմակողմանի զգուշացումներու` Լիբանանը թիրախաւորելէ, Իսրայէլ երէկ դարձեալ հարուածեց հարաւային Լիբանանի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու եւ Պաալպեքի շրջանները` պատճառելով մարդկային զոհեր եւ նիւթական ահաւոր կորուստներ: Արդարեւ, Եւրոպական մէկէ աւելի ազդեցիկ երկիրներու հրապարակած զգուշացումն ու անմիջական զինադուլ պահանջող հաղորդագրութիւնը չկրցաւ սանձել Իսրայէլի ախորժակները, ան այս անգամ հարուածեց նոյնիսկ «անձեռնմխելի» նկատուած Պէյրութի օդակայանի նախկին ճանապարհը` պատճառելով մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Աւելի՛ն, Իսրայէլ երէկ շարունակեց լիբանանեան շրջանները իրար միացնող ճանապարհներն ու կամուրջները աւերելու իր քայլերը եւ հարաւային Լիբանանի յատկապէս Լիթանի սահմանամերձ գետին մերձակայ հինգ կամուրջներէն երկուքը քանդեց` փորձելով պատկան անձնաւորութիւններու, յատկապէս Դիմադրութեան բնակչութիւնը զրկելու ապրուստի տարրական կարիքներէն եւ զանոնք մղելու լքելու իրենց բնակարանները:

Այս գծով նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոն, որմէ տեղեկացաւ Եւրոպական ազդեցիկ երկիրներու կատարած ջանքերուն մասին` զինադուլի հաստատման ու Լիբանանը յաւելեալ աւերներէ փրկելու առաջադրանքով:

Միւս կողմէ, իսրայէլացի մէկէ աւելի պատասխանատուներ երէկ շարունակեցին իրենց ժխտական կտրուկ ընդդիմութիւնը զինադուլի կամ բանակցութեան առնչութեամբ: Անոնք նախապայման կը նկատեն նախ Հըզպալլայի ամբողջական զինաթափումը եւ միայն իրենց հիւսիսային բնակեցման վայրերու ապահովութեան երաշխիքներու ապահովումը:

Սուրիացի արգելափակեալներու մէկ մասը սկսաւ դէպի Սուրիա տունդարձի

Միւս կողմէ, երէկ լիբանանեան Ռումիէի բանտի կեդրոնէն սուրիացի արգելափակեալներու մէկ մասը ազատ արձակուելով յանձնուեցաւ սուրիական իշխանութեան, որ յատուկ փոխադրակառքեր ուղարկելով բանտարկեալները փոխադրեց Սուրիա: Այս քայլը պիտի շարունակուի նաեւ յառաջիկայ օրերուն, մինչեւ Ֆիթրի տօն աւարտելու համար բոլոր սուրիացի արգելափակեալներու տունդարձը դէպի Սուրիա:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2026, 08:02