Որոնել

Aftermath of a Israeli drone strike on a residential apartment in Bourj Hammoud

Իսրայէլ ռմբակոծեց Պուրճ Համուտի մօտակայ շրջանին մէջ գտնուող բնակարան մը

Ըստ շրջանառութեան մէջ եղող տեղեկատուութիւններու՝ իսրայէլեան կողմին թիրախը այն բնակարանն էր, ուր ենթադրաբար «Հըզպալլա»ի անդամ մը կ՛ապրէր։

Ուրբաթ, 13 Մարտի կանուխ ժամերուն, Իսրայէլ ռմբակոծեց Նապպա-Միրնա Շալուհի շրջաններուն  սահմանագիծին վրայ գտնուող շէնքի մը բնակարանը։ Այս շրջանները նաեւ շատ մօտիկ են հայաբնակ Պուրճ Համուտին, որ, բարեբախտաբար, նիւթական կամ մարդկային վնասներ չկրեց։ Պուրճ Համուտի բնակիչներուն մէկ մասը լսեց ռմբակոծումին պայթիւնը։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Թրամփ-Վենս վարչակազմին կոչ կ՛ընէ՝ դատապարտելու եւ Իսրայէլը պատասխանատուութեան կանչելու՝ անօդաչու թռչող սարքով հարուածելուն համար Պէյրութի մէջ գտնուող եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու ժառանգորդներով բնակեցուած Պուրճ Համուտին կից շրջանը:

«Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան փոխանցեց տեղեկութիւններ այդ կապակցութեամբ՝ նշելով, որ շատ մտահոգիչ է, որ թիրախ դարձած է Պուրճ Համուտի յարակից տարածքը։

Ըստ շրջանառութեան մէջ եղող տեղեկատուութիւններու՝ իսրայէլեան կողմին թիրախը այն բնակարանն էր, ուր ենթադրաբար «Հըզպալլա»ի անդամ մը կ՛ապրէր։  

Գանտահարեան վստահեցրեց, որ խուճապային տրամադրութիւններ չկան, սակայն կայ անորոշութիւն, որ բնակիչներուն մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ։

Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած յարձակումները հետզհետէ կը քօղազերծեն Իսրայէլի իսկական նպատակները շրջանին եւ Լիբանանի դէմ, սկսելով Պէյրութի հարաւային արուարձաններու շրջանէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ աւաններ ու Պեքաայի եւ Պաալպեքի տարածքները:

Լիբանան ձեռնարկած էր Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութիւններու` փորձելով կանխել Լիբանանի դէմ աւերիչ նոր քայլեր: Տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընեն, թէ Լիբանան կազմած է Կիպրոսի մէջ նախատեսուող բանակցութիւններուն մասնակցելու կոչուած իր յանձնախումբը:

Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն սերտ հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի պատկան պատասխանատուներուն հետ` կոչ ուղղելով՝ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները:  

Սակայն կը թուի, թէ Իսրայէլ կ՛ուզէ միայն իր տեսակէտին իրագործումը պարտադրել: Արդէն իսրայէլեան ուժերը հարաւային սահմաններէն ներս թափանցելով՝ դիրքաւորուած են 18 կեդրոններու մէջ` ընդարձակելով իրենց ոտնձգութիւններու կարկինը:

Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Իսրայէլ կը ծրագրէ մէկ շաբթուան ընթացքին լայնածիր յարձակումի մը ձեռնարկել եւ թափանցել հարաւային Լիբանանի խորքերը:

Հինգշաբթի երեկոյեան, իսրայէլեան օդուժը անօդաչու թռչող սարքերով ուղղակիօրէն թիրախ դարձուց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ «Հըզպալլա»ի կառոյցներ` պատճառելով նիւթական վնասներ: Ուշագրաւ է, որ Իսրայէլի թաթը հետզհետէ կը թափանցէ նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի սահմաններէն ներս, ուր նորագոյն թիրախներէն էին` Պէյրութի Սոտեքօ շրջանին կից Պաշուրա շրջանին մէջ գտնուող «Ահմատ Ապպաս» կոչուող շէնքը, ուր, ըստ իսրայէլեան «հիմնաւորումին», «Հըզպալլա»ն միլիոնաւոր տոլարներ ամբարած է: Աւելի ուշ, Իսրայէլ հարուածեց նաեւ Զոքաք Պլաթի մէջ գտնուող «Հըզպալլա»ի «Քարտ Հասան» վարկային հաստատութեան մասնաճիւղը:

Նախքան այդ, Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան այգաբացին, Իսրայէլ հարուածած էր նաեւ Պէյրութի ծովեզերեայ ափին` Ռաուշէի կից Ռամլեթ Պայտայի մէջ կառոյցը մը, ուր, ըստ Իսրայէլի, ապաստանած էր Իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի պատասխանատու մը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2026, 08:22