Որոնել

FILE PHOTO: Mojtaba Khamenei visits Hezbollah's office in Tehran

Յայտնի է Իրանի նոր Այաթոլլային անունը

Իրանի Փորձագէտներու խորհուրդը Իսլամական Հանրապետութեան նոր առաջնորդ նշանակած է այաթոլլա Սէյէտ Մոճթապա Խամենէին

Իրանի նոր հոգեւոր առաջնորդը սպաննուած այաթոլլա Ալի Սէյէտ Խամենէիի որդին է։

Աւելի վաղ Pars Today-ը հաղորդած էր, թէ Փորձագէտներու խորհուրդի մեծամասնութիւնը հակուած է երկրի սպաննուած հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Սէյէտ Խամենէիի որդիին՝ Մոճթապա Խամենէիի թեկնածութեան։

Ըստ Իրանի սահմանադրութեան՝ 88 անդամէ բաղկացած Փորձագէտներու խորհուրդն է լիազօրուած ընտրելու երկրի հոգեւոր առաջնորդը։ Խամենէին, որ Իրանը ղեկավարած էր 37 տարի, սպաննուած է փետրուար 28-ին Թեհրանին հասցուած ամերիկա-իսրայէլեան հարուածին հետեւանքով։

Այս գործընթացին անդրադարձած է նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը (ՑԱՀԱԼ)՝ յայտարարելով, որ պիտի հետապնդէ Իրանի հոգեւոր առաջնորդի որեւէ ժառանգորդ։

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ իր հերթին յայտարարած է, որ Իրանի նոր հոգեւոր առաջնորդը «երկար պիտի չդիմանայ» առանց Միացեալ Նահանգներու հաւանութեան։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2026, 08:49