Սպաննուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Գերագոյն Հոգեւոր Առաջնորդ Սէյիտ Ալի Խամենէի
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
Իրանը պաշտօնապէս հաստատեց Իսլամական Հանրապետութեան Գերագոյն Հոգեւոր Առաջնորդ Սէյիտ Ալի Խամենէիի սպանութեան մասին լուրը։ Ան զոհուած է Թեհրանի մէջ գտնուող «Առաջնորդութեան Տան» վրայ տեղի ունեցած Ամեիրկա-Իսրայէլեան յարձակման հետեւանքով։ Իրանը անմիջապէս 40-օրեայ սուգ յայտարարեց եւ յառաջիկայ 7 օրերը ոչ աշխատանքային հռչակեց։
Հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ յարձակման ընթացքին զոհուած են Խամենէիի ընտանիքի անդամներ։ Անոր մահէն ետք Իրանի մէջ անցումային շրջանի պատասխանատւութիւնը պիտի ստանձնեն երկրի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը, դատական իշխանութեան ղեկավար Ղոլամհոսէյն Մոհսենի-Էժէին եւ Սահմանադրութեան պահապաններու խորհուրդի իրաւաբանը։
Միաժամանակ առ ի պատասխան սոյն յարձակումին Իրան շարունակեց հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածները Իսրայէլի դէմ՝ թիրախ դարձնելով Թել Աւիւն ու Հայֆան։ Իսրայէլի իշխանութիւնները հրահանգեցին դադրեցնել դասերը եւ չեղարկել հասարակական ձեռնարկները։
Բացի այդ, Իրանի հարաւային Մինապ քաղաքին մէջ իգական դպրոցի վրայ յարձակման հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 148-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 95-ի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ