Որոնել

Իրան, Իսրայէլ պատերազմ Իրան, Իսրայէլ պատերազմ  (AFP or licensors)

Իրանի վրայ յարձակումի 4-րդ օր. Թրամփ. «Բաւարար զէնք-զինամթերքի պահեստ ունինք եւ պատրաստ ենք ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաստատեցին Իրանի դէմ շղթայազերծուած կանխարգելիչ յարձակումներու անհրաժեշտութիւնը՝ շեշտելով ամերիկեան զինուորական պատրաստուածութիւնը եւ դաշնակիցներու հետ գործակցութիւնը: Մինչ ռազմական գործողութիւնները կը պատճառեն մարդկային ու նիւթական ծանր կորուստներ երկուստեք, Իսրայէլի վարչապետը կը կանխատեսէ հակամարտութեան որոշ ժամանակ տեւելը, իսկ Իրանը կը սպառնայ պատերազմական արարք նկատել եւրոպական որեւէ զինուորական շարժում:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Ամերիկեան զինամթերքի պահեստները աւելի մեծ են, քան երբեւէ»:

«Բաւարար զէնք ու զինամթերքի պահեստ ունինք, եւ պատրաստ ենք ջախջախիչ յաղթանակ արձանագրելու», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Մեզմէ հեռու պետութիւններու մէջ բարձրորակ զէնքերու յաւելեալ մեծ քանակներ կը պահեստաւորենք», ըսաւ ան:

Թրամփ նաեւ յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմ շղթայազերծելու համար Բրիտանիոյ կարիքը չունին»:

«(Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր) Սթարմըր գործակցութիւն չցուցաբերեց, եւ ներկայիս Եւրոպայի մէջ այլ պետութիւններու հետ շատ հզօր յարաբերութիւններ ունինք», ընդգծեց ան:

Թրամփ աւելի ուշ «Փոլիթիքօ»-ին յայտնեց. «Իրանի կենսական զէնքերու պահեստը սկսաւ սպառիլ, եւ ես իշխող վարչակարգի կարգ մը անդամներուն հետ աշխատելու նկատմամբ դրական տրամադրուած եմ»:

Կիպրական կառավարական աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ իրանեան արտադրութեամբ անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք թիրախաւորած էին Կիպրոսի մէջ բրիտանական ռազմակայանը, Լիբանանէն արձակուած են` հաւանաբար Հըզպալլայի կողմէ:

Յիշեցնենք, թէ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր կիրակի գիշեր «Էքս» ընկերային ցանցին վրայ տեսագրուած ուղերձ մը յղելով յայտնած էր, թէ իր երկիրը հաւանութիւն տուած է իրանեան հրթիռներու դէմ պաշտպանողական «որոշակի ու սահմանափակ» նպատակով յարձակումներ շղթայազերծելու համար բրիտանական ռազմակայանները օգտագործելու ամերիկեան խնդրանքին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր Իրանի դէմ կանխարգելիչ յարձակում շղթայազերծած են, իմանալէ ետք, թէ իրենց դաշնակիցը` Իսրայէլը մտադիր է յարձակում շղթայազերծել, ինչ որ ամերիկեան ուժերուն դէմ վրիժառական հակադարձութեան պիտի յանգեցնէր:

«Գիտէինք, թէ իսրայէլեան գործողութիւն մը տեղի պիտի ունենայ: Գիտէինք, թէ ատոր պիտի յաջորդէ ամերիկեան ուժերուն վրայ յարձակում մը, եւ գիտէինք, թէ եթէ այդ յարձակումները շղթայազերծելէ առաջ անոնց հարուածելու չձեռնարկենք, մարդկային աւելի մեծ կորուստներ կ՛ունենանք», ըսաւ ան:

«Եթէ անոնց հակադարձելու համար այդ յարձակումին սպասէինք, մարդկային աւելի մեծ կորուստներ կ՛ունենայինք: Ուստի, նախագահին որոշումը շատ իմաստուն էր», յայտնեց Ռուպիօ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ Իրանէն անմիջական վտա՞նգ կը դիմագրաւէին, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու մէջ առանցքային է, նկատի ունենալով, որ սահմանադրութեան համաձայն պատերազմ յայտարարելու իրաւունքը կը պատկանի Քոնկրեսին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Իրապէս անմիջական վտանգ կար, եւ անմիջական վտանգը մեր տեղեկութեամբ այն էր, որ եթէ Իրան յարձակումի ենթարկուի, եւ կը կարծէինք, թէ ատիկա տեղի պիտի ունենայ, անոնք անմիջապէս մեր վրայ յարձակում պիտի գործեն»:

Ան նշեց, որ եթէ Իրանը առաջին քայլը կատարելով ամերիկեան ուժերը հարուածած ըլլար, «հիմա բոլորս ալ մեր տեղեակ ըլլալով քայլ չառնելու մասին հարցումներու պիտի պատասխանէինք»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ հակամարտութիւնը «անվերջ պատերազմ» պիտի չըլլայ, սակայն կրնայ որոշ ժամանակ տեւել:

«Հարցը կրնայ որոշ ժամանակի կարօտիլ, սակայն տարիներ պիտի չտեւէ», աւելցուց ան:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ ամերիկեան ուժերը քանդած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին պատկանող հրամանատարական ու ղեկավարման կառոյցներ:

Հրամանատարութիւնը նաեւ նշեց, որ Իրանի մէջ գործողութեան ընթացքին ամերիկեան ուժերը քանդած են հակաօդային պաշտպանութեան կարողութիւնները, հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքերու արձակման դիրքերն ու զինուորական օդակայանները:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը իր կարգին յայտարարեց, թէ 20 անօդաչու թռչող սարքերով եւ 3 հրթիռներով քանդած է Պահրէյնի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի ղեկավարութեան ու սպայակոյտի գլխաւոր շէնքը` աւելցնելով, որ ռազմակայանին վրայ կատարուած յարձակումին հետեւանքով անոր վառելանիւթի պահեստանոցներուն մէջ հրդեհ յառաջացած է:

Յեղափոխական պահակագունդը նաեւ յայտարարեց, թէ յարձակումի ենթարկած է Տուպայի մէջ համախմբուած 160 ամերիկացի զինուորներ, եւ պատերազմի առաջին երկու օրուան ընթացքին ամերիկացի սպաննուած եւ վիրաւորուած զինուորներուն թիւը հասած է 650-ի:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ իր զոհերուն թիւը բարձրացած է 6-ի:

Իրանեան Կարմիր մահիկը յայտարարեց, թէ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացած է 787-ի:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իրանի պաշտպանութեան նոր նախարարը ահաբեկուած է: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մօտիկ լրատուամիջոցները հաստատեցին, որ երկու օր առաջ նշանակուած նախարարը սպաննուած է:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մըն ալ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իրանի Մասնագէտներու խորհուրդը յարձակումի ենթարկուած է, երբ Քոմի մէջ Իրանի նոր գերագոյն հոգեւոր պետ ընտրելու համար ժողով կը գումարէր:

Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց. «Մասնագէտներու խորհուրդի բոլոր 88 անդամները յարձակումի պահուն Քոմի մէջ շէնքին մէջ չէին, այլ շատ աւելի նուազ թիւ մը ներկայ էր:

Ըստ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան, յարձակումի ենթարկուած շէնքը հին ու մասնակի է, եւ ժողովներու գումարման համար չ՛օգտագործուիր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիները յորդորեց միջինարեւելեան 12 երկիրներէ, ներառեալ Լիբանանէն ու Եգիպտոսէն հեռանալու:

Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը հաղորդեց, որ իւրանիոմի հարստացման Նաթանզ կայանը վնասներ կրած է, սակայն նշեց, որ այդ պատճառով շողարձակումի որեւէ ազդեցութիւն չի նախատեսեր:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Եւրոպական զինուորական որեւէ շարժում պիտի նկատենք հակադարձութեան արժանի պատերազմական արարք»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2026, 07:00