Թեհրանի Հայկական թաղամասին մէջ բնակելի շէնքի մը վրայ հրթիռային յարձակում Թեհրանի Հայկական թաղամասին մէջ բնակելի շէնքի մը վրայ հրթիռային յարձակում 

Թեհրանի Հայկական թաղամասին մէջ բնակելի շէնքի մը վրայ հրթիռային յարձակում

Թեհրանի հայաբնակ Մաճիտիէ եւ Զէյթուն թաղամասերը ենթարկուած են հրթիռային հարուածներու, որոնք պատճառած են շէնքերու փլուզում եւ նիւթական ծանր վնասներ։ Ըստ վերջին տուեալներուն, յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած են 10 հայեր, իսկ փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին փլատակներու տակ մնացած բնակիչները դուրս բերելու համար։

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանատունը հաղորդեց, որ Թեհրանի հայկական թաղամասին վրայ հրթիռային հարուած տեղի ունեցած է:

Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ դաշինքը հարուածած է Թեհրանի հին հայկական թաղամասերէն մէկուն` Մաճիտիէի մէջ գտնուող բնակելի համալիր մը: Բարեբախտաբար, վերջին տուեալներուն համաձայն, զոհեր չկան, սակայն որոշ բնակիչներ մնացած են փլատակներու տակ:

Մաճիտիէն Թեհրանի հին հայկական թաղամասերէն մէկն է: Անիկա յայտնի է իր աշխուժ մթնոլորտով եւ զարգացած ենթակառոյցներով, որոնց ձեւաւորման եւ զարգացման գործին մէջ կարեւոր դեր ունեցած են իրանահայերը:

Բայց եւ այնպէս «Ալիք» օրաթերթը հաղորդեց, որ յարձակումը հայաբնակ Զէյթուն շրջանին մէջ վնաս պատճառած է շարք մը հայկական բնակուած շէնքերու եւ 10 հայեր վիրաւորած:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2026, 11:30