Հարցազրոյց Հանդիպում «Նարեկացի» վաւերագրական ֆիլմի հեղինակներուն հետ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Անցեալ Ուրբաթ` 27 Փետրուարին Վատիկանի հաղորդակցութեան ֆիլմադարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի կեանքին, ստեղծագործութեան և հոգևոր ժառանգութեան նուիրուած «Նարեկացի» վաւերագրական ֆիլմը` Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի տօնին առիթով։
Ֆիլմէ առաջ Սուրբ Պետրոսի տաճարի Երգչախմբի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ հայածէս երեկոյեան ժամերգութիւն։
«Նարեկացի» ֆիլմը, որուն մէջ ընդգրկուած են հեղինակաւոր աստուածաբաններ և հայագէտներ, կը ներկայացնէ Գրիգոր Նարեկացիի գրական ժառանգութիւնը եւ անոր աստուածաբանական մտքի խորութիւնը, ընդգծելով անոր նրա պատգամի արդիականութիւնը՝ հաւատքի, զղջման և մարդու ներքին հոգևոր ճանապարհի վերաբերեալ։
Ֆիլմը արտադրուած է «Լամեդիա» ընկերութեան կողմէ։ Ֆիլմի հեղինակն ու արտադրողը Ռուզաննա Ղազարեանն է իսկ բեմադրիչն ու նկարահանողը Լիլիթ Մխիթարեանը։
Ֆիլմի ցուցադրութենէն ետքը վերոնշեալ տաղանդաւոր երկու արուեստագէտները այցելեցին Ռատիօ Վատիկանի խմբագրութիւնը եւ մեր հետ ունեցան հակիրճ հարցազրոյց զոր կարելի է ունկնդրել այստեղ.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ