2024.02.07 Mons Nareg Alemezian

Ներում խնդրելու ինը եղանակները. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Ներում խնդրելու ինը եղանակներ գոյութիւն ունին, որոնցմով անկեղծ ներում խնդրելու կենսականութիւնը կ՛ընդգծուի եւ մեզ պարզ, եւ յաճախ` մակերեսային, «Ներող եղիր»-էն անդին կը տանի

Ներում խնդրելու ինը եղանակներ գոյութիւն ունին, որոնցմով անկեղծ ներում խնդրելու կենսականութիւնը կ՛ընդգծուի եւ մեզ պարզ, եւ յաճախ` մակերեսային, «Ներող եղիր»-էն անդին կը տանի: Առաւել` մեր մարդկային փոխյարաբերութիւնը իմաստալից եւ հեզընթաց կը դարձնէ:

Ա.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ԻՍԿԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒՄԻ: Այս ներողութիւն խնդրելու «ոսկի կանոն»-ն է: Բոլորս ալ կը ձգտինք զայն տալ եւ ստանալ: Օրինակ` «Կը գիտակցիմ, որ վիրաւորեցի քեզ, եւ անկեղծօրէն կ՛ափսոսամ: Երանի այս արարքը կատարած չըլլայի: Կը խոստանամ անգամ մըն ալ չընել» ըսելու քաջութիւնը կ՛ունենանք: Այսպէս վարուողը ճշմարտապէս կը զգայ իր կատարած արարքին վատութիւնը, ամբողջական պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ անոր համար եւ կը ջանայ զայն չկրկնել: Ան ինքզինք բարեփոխելու ճանապարհը կ՛ընտրէ: Այս մէկը «ոսկի կանոն» կը կոչուի, որովհետեւ ներում խնդրելու բոլոր եղանակներէն ամէնէն դժուարն է եւ պարբերաբար կը կիրարկուի:

Բ.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ԿԵՆՑԱՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒՄԻ: Երբ գործատէրդ կարիքը զգայ, որ աշխատանքի ժամէդ ետք գրասենեակ մնաս անմիջական ծրագիր մը ամբողջացնելու համար, այսպէս կրնայ ըսել. «Ներող եղիր, որ քիչ մը ուշ կը տեղեկացնեմ, սակայն ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ փոխան ժամը 5:00-ի` 8:00-ին մեկնիս այսօր մեր մօտէն»: Այս մէկը որպէս կենցաղագիտական ներում կը բնորոշուի, որովհետեւ խնդրայարոյց բնոյթ ունի եւ դիմացինէն գործակցութիւն կ՛ակնկալէ. միաժամանակ կը յուշէ, թէ նման պարագայ մը կրնայ կրկնուիլ անհրաժեշտութեան պարագային եւ ըստ այնմ նաեւ նիւթաբարոյական գնահատութեան արժանանալ:

Գ.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ՀԱՄԱԿՐԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒՄԻ: Երբ սրտամօտիկ անձ մը դժուարութիւն մը կը դիմագրաւէ, օրինակ` ամունալուծում, «Քեզի համար կը նեղուիմ» կ՛ըսես` հակառակ այն իրողութեան, որ այդ դժուարութիւնը քու յանցանքդ չէ: Այսպէս վարուելով` համակրանքդ, զօրակցութիւնդ ու նեցուկդ կը յայտնես, եւ հարցը լուծելու պատրաստակամութիւնդ ցոյց կու տաս:

Դ.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ԼՈՒՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒՄԻ: Երբ անձ մը բացատրութիւն կու տայ քեզի, եւ դուն զայն ամբողջապէս չես ըմբռներ, կրնաս հարց տալ. «Ներող եղիր, վերջին քանի մը նախադասութիւններդ չհասկցայ. կը հաճի՞ս դարձեալ ըսել»: Հոս ափսոսանք չենք արտայայտեր, որովհետեւ սխալ չենք ըրած, այլ լուսաբանութիւն կը խնդրենք:

Ե.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ԲԱՑԱՏՐՈՂԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒՄԻ: Յաճախ մարդիկ իրենց արարքները արդարացնելու համար ներողամտական քայլերու կը դիմեն: Օրինակ` «Ներող եղիր» ըսելով կը փորձեն դէպքի մը մանրամասնութիւնները թուել, մինչդեռ իրենց բուն նպատակը այդ դէպքին մէջ իրենց ունեցած ժխտական դերակատարութեան բացակայութիւնը ընդգծելն է: Այսպէս. «Կը ներես, ուշացայ. խճողումը աներեւակայելի էր. մեծ արկած մը պատահած էր, եւ ինքնաշարժներու երկար շարք մը կար»:

Զ.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ՊԱՅՄԱՆԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒՄԻ: Եթէ մէկը քեզի ըսէ. «Կը ներես, եթէ քեզ վիրաւորեցի», կամ` «Կը ներես, եթէ քեզի նեղութիւն պատճառեցի», այս պայմանական ներումի խնդրանք է: Այլ խօսքով, այս ըսողը չ՛ընդունիր, թէ ինք սխալ գործած է, սակայն եթէ դուն վիրաւորուած կամ նեղուած ես, ինք ներողութիւն կը խնդրէ: Այսպիսի ներողութիւն խնդրելը ցոյց կու տայ, որ միւս անձը այնքան ալ յանցաւոր չէ. ուրեմն այս տիպի ներողութիւն խնդրելը ինքնին անկեղծ եւ բաւարար չէ:

Է.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ՀԱԿԱԴԱՐՁԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒՄԻ: Երբեմն կարգ մը անձեր ո՛չ միայն մեզ կը վիրաւորեն, այլ նաեւ կացութիւնը առաւել կը սրեն, երբ ծաղրական շեշտով ներողութիւն կը խնդրեն: Այս արտայայտութիւնը ենթակային դէմքէն եւ շարժումներէն կը զգաս, որուն կրնայ միանալ նաեւ այսպիսի չքմեղանք մը. «Շա՜տ կը ներես, չէի գիտեր, որ այսքա՜ն պիտի նեղուիս: Ի՞նչ էր որ եղածը»: Պէտք չունիս այս խօսքերուն անմիջապէս պատասխանելու, սակայն քիչ մը ժամանակ անցնելէն ետք կրնաս հարցը արծարծել ենթակային հետ եւ յայտնել, թէ իր այս վերաբերումէն նեղուած ես:

Ը.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ԿԱՍԿԱԾԵԼԻ ՆԵՐՈՒՄԻ: Եթէ անձ մը ըսածներուդ չհաւատայ, կրնայ ինքզինք արդարացնել` ըսելով, թէ քեզ լաւ չլսեց, եւ այսպիսով ըսածդ կասկածելի կը համարէ: Օրինակ` մէկը կրնայ այսպիսի հարց տալ քեզի. «Ի՞նչ ըսիր. կատուիդ Instagram-ի հաշիւը որքա՞ն շահ ապահովեց քեզի: Արդեօք ե՞ս քեզ ճիշդ չլսեցի»: Այս մօտեցումը կասկածելի կը դարձնէ ըսածդ եւ սկեպտիկութեան մթնոլորտի կը մատնէ:

Թ.- ԽՆԴՐԱՆՔ` ԲԱՐԵՄԻՏ ՆԵՐՈՒՄԻ: Ընդհանրացած է «Ներող եղիր» ըսելով` խնդրայարոյց պարագաները մեղմացնելու եղանակը: Այս մօտեցումը յաճախ արդիւնք է չափէն աւելի քաղաքավար երեւնալու եւ կամ ենթակային ենթադրեալ յանցանքը մեղմացնելու աւելորդ ճիգին: Ամէնէն պարզ օրինակը այն է, երբ անձ մը գիտէ, որ զբաղած չես եւ կ՛ըսէ. «Կը ներես, որ սուղ ժամանակէդ պիտի խլեմ…»:

Անթիլիաս, 5 մարտ 2026        

(Ազատ եւ խտացեալ թարգմանութիւն «Թայմ» անգլերէն թերթէն)

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2026, 08:55