2020.04.21 Mausoleo genocidio armeno

Մարդկութեան համար «Արդարներու օր»

Օրուան առիթով Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատին մէջ «Gariwo – Մարդկութեան Արդարներու անտառը» ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ պիտի կատարուի «Il Memorioso. Բարիի յիշողութեան կարճ ուղեցոյց» թատերական ներկայացումը, որուն առիթով նախատեսուած է նաեւ ընկերակցութեան նախագահ Կապրիելէ Նիսսիմի ելոյթը` որուն մէջ Ան պիտի խօսի Արմին Թ. Վեկների մասին՝ որպէս ճշմարտութեան վկայի և հայերու համար Արդար մարդ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ամէն տարի 6 մարտին կը նշուի Մարդկութեան համար  Արդարներու Եւրոպական օրը՝ յիշելու համար այն անձերը, որոնք մարդկային կեանքեր փրկած են բոլոր ցեղասպանութիւններու, զանգուածային սպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւններու ընթացքին՝ Ի եւ ԻԱ դարերուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք պաշտպանած են մարդկային արժանապատուութիւնը նացիզմի եւ համայնավարութեան ամբողջատիրական ժամանակաշրջաններու ընթացքին։

Օրը հաստատուած է 2012 թուականին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ։

Օրուան առիթով Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատին մէջ «Gariwo – Մարդկութեան Արդարներու անտառը» ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ պիտի կատարուի «Il Memorioso. Բարիի յիշողութեան կարճ ուղեցոյց» թատերական ներկայացումը, որուն առիթով նախատեսուած է նաեւ ընկերակցութեան նախագահ Կապրիելէ Նիսսիմի ելոյթը` որուն մէջ Ան պիտի խօսի Արմին Թ. Վեկների մասին՝ որպէս ճշմարտութեան վկայի և հայերու համար Արդար մարդ։

Իսկ Իրաքի մէջ վեց մարտը յայտարարուած է Հանդուրժողականութեան եւ համակեցութեան ազգային օր` ի յիշատակ Ֆրանչիսկոս Պապին 5-էն 8 Մարտ 2021-ին Իրաք կատարած առաքելական պատմական այցելութեան, ու յատկապէս վեց մարտին անոր այաթոլլա Սայիտ Ալի ալ-Սիսթանիին հետ հանդիպումին համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2026, 09:46