Ըստ «Freedom House»ի Հայաստանը կը գտնուի մասամբ ազատ երկիրներու ցանկին մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Մարտ 19-ին Freedom House-ը հրապարակեց « 2026 Աշխարհի մէջ ազատութիւնը» զեկոյցը՝ ընդգծելով, որ 2025-ին ազատութիւնները վատթարացած են 54 երկիրներու մէջ, մինչ բարելաւումներ գրանցուած են միայն 35-ին մէջ։
Հայաստանը կը մնայ «մասամբ ազատ» երկիր՝ 54/100 միաւորով, առանց փոփոխութեան ենթարկուելու անցեալ տարուայ բաղդատմամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, երկիրը բարձր գնահատական ունի համացանցի ազատութեան ոլորտին մէջ։
Տարածաշրջանին մէջ Վրաստանն ալ կը դասուի «մասամբ ազատ» երկիրներու շարքին, սակայն անոր վիճակը վատթարացած է՝ զանգուածային բողոքներու եւ ոստիկանութեան կոշտ արձագանգին հետեւանքով։ Իսկ Ազրպէյճանը կը մնայ «ոչ ազատ» երկիր՝ շատ ցած՝ 6/100 միաւորով, շարունակելով իր երկարատեւ նահանջը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ