Displaced people in Beirut, following an escalation between Hezbollah and Israel amid the U.S.-Israeli conflict with Iran

Ֆրանսան 60 թոն մարդասիրական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանին

«Մենք որոշած ենք եռապատկել այս շաբաթ ժամանող օգնութեան ծաւալը։ Լիբանանցիներուն համար նախատեսուած է 60 թոն մարդասիրական օգնութիւն, ներառեալ առողջապահական մաքրութեան պարագաներու հաւաքածուներ, մաքրութեան պարագաներ, ներքնակներ, լամպեր, ինչպէս նաեւ շարժական բժշկական կէտ»,– ըսած է Պարոն։

Ֆրանսան պիտի եռապատկէ Լիբանանին տրամադրուող մարդասիրական օգնութիւնը՝ զայն հասցնելով 60 թոնի։ Այս մասին մարտ 11-ին ֆրանսական TF1 ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն։

«Մենք որոշած ենք եռապատկել այս շաբաթ ժամանող օգնութեան ծաւալը։ Լիբանանցիներուն համար նախատեսուած է 60 թոն մարդասիրական օգնութիւն, ներառեալ առողջապահական մաքրութեան պարագաներու հաւաքածուներ, մաքրութեան պարագաներ, ներքնակներ, լամպեր, ինչպէս նաեւ շարժական բժշկական կէտ»,– ըսած է Պարոն։

Նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն ընդգծած է Ֆրանսայի յանձնառութիւնը՝ էական աջակցութիւն ցուցաբերելու Լիբանանին։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2026, 07:23