Անթիլիասի Ուխտի Օրը նշուեցաւ մեծաշուք հանդիսութեամբ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը իր Սուրբ Խորանի վարագոյրը բացաւ Գալստեան Կիրակիին, 22 Մարտ 2026-ի առաւօտուն՝ նշելով Հայրապետարանիս Ուխտի Օրը:
Արդարեւ, հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Մայրավանքին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։
Պատարագիչ սրբազան հայրը իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալի կողմէ եբրայեցիներուն գրուած նամակի 12-րդ գլուխէն մէջբերուած հետեւեալ խօսքով. «ուրեմն մենք ալ, որ այսքան բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք, վանե՛նք ամէն խոչընդոտ եւ մէկ կողմ ձգենք մեղքը, որ մեզ դիւրաւ կը պաշարէ, եւ համբերատարութեամբ պայքարինք մեզի ներկայացող փորձութիւններու դէմ»: Սրբազան հայր նախ ողջունեց ներկայ հաւատացեալները, որոնք Մայր Տաճար հաւաքուած էին նախնիներու բարեպաշտական սովորութիւններու հետեւողութեամբ հանդիսաւորապէս նշելու հայոց հաւատքի հօր՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապ մուտքի ու չարչարանաց յիշատակը: Այս առիթով ան գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ Լիբանանի տագնապալի պայմաններուն մէջ իրականացուց այս համախմբումը՝ «որպէսզի մեր երկիւղածութեամբ պատիւ ընծայենք հայրապետական մեր Սուրբ Աթոռին եւ մեր սիրով ջերմացնենք այս սրբարանը՝ քաջ գիտնալով, որ հայրենի հողէն հեռու պայմաններու մէջ այս տունով է, որ առաւելաբար կ՚երաշխաւորուի մեր դիմագիծի պահպանութեան նուրիական գործը», հաստատեց ան. աւելին, ան բարձր գնահատեց լիբանանահայութիւնը, որ հակառակ դիմագրաւած տեսակաւոր խնդիրներուն ու տագնապներուն, կը շարունակէ սիրով շրջապատել Աստուծոյ տունը եւ իր նուիրումով կը քաջալերէ այս տան ծառայութիւնը՝ վստահ ըլլալով, որ հայ եկեղեցին լաւագոյն ձեւով կ՚արտայայտէ հայութեան կամքը ամենուրէք:
Շահէ արքեպիսկոպոս քարոզին մէջ անդրադարձաւ տուեալ նուիրական պահին՝ դիտել տալով, որ պահը բոլորս անցեալի պատմութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ դնող առիթ է: Ան յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդին մեծ սուրբը 13 տարի նախախնամութեան տնօրինութեամբ Խոր Վիրապի մթաստուեր պայմաններուն մէջ տագնապեցաւ եւ ապա լոյս աշխարհ վերադարձաւ, որպէսզի մեր ամբողջ ազգը Աստուծոյ ճշմարիտ լոյսի գիտութեան առաջնորդէ. «այդ հաւատքն է, որ այսօր պէտք է պահենք մեր կեանքին մէջ, որպէսզի այդ հաւատքով պայծառանայ մեր ներաշխարհը եւ անդրադառնանք, որ Լուսաւորիչ հայրապետ միայն անցեալէն մեզի եկող նուրիական անուն մը չէ, այլ նոյնինքն մեր կեանքին առնչուող լուսաւոր իրողութիւն մըն է: Կ՚ապրինք Սփիւռքի մէջ եւ վստահաբար սփիւռքեան մաշեցնող իրականութեան մէջ մեր յիշողութենէն կրնան անհետանալ շատ տուեալներ, սակայն զգոյշ պէտք է ըլլանք լուսաւորչահիմն մեր հաւատքին նկատմամբ եւ առիթ պէտք չէ տանք, որ մեր կեանքով զոհուի այն ինչ որ մեր նախկին սերունդները իրենց հաւատքով եւ արիւնով կերտեցին», յորդորեց ան եւ հրաւիրեց հաւատացեալները այս խորհրդածութիւնը կատարելու գալիք սերունդներուն հաշւոյն, որպէսզի անոնց մէջ եւս արթննայ գիտակցութիւնը եւ ոգեւորուի հաւատքը՝ հայութեան կեանքը շարունակաբար ուղղուելու դէպի Աստուած:
Վերջապէս, քարոզիչ սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Լուսաւորիչ հայրապետին շունչը կենդանացնէ մեր կեանքին մէջ, խաղաղութիւնը վերասփռէ մեր առօրեային մէջ, մոլորեալները վերադարձմէ մայր հօտին եւ սուրբ Լուսաւորիչի լոյսով առաջնորդուած՝ ապահով պայմաններով շրջապատէ մեր առօրեան: Այս առիթով ան նաեւ աղօթեց Մեր Սուրբ Աթոռին անսասանութեան եւ Վեհափառ Հայրապետին կենաց առողջութեան համար, որպէսզի «հովիւ եւ հօտ, ի փառս եւ ի պայծառութիւն մեր եկեղցեւոյ եւ ազգս հայոց, արժանանանք մեր սուրբերուն օրհնութեան եւ հասնինք երանական յաւիտենական հանգիստին»:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ եւ շրջապատուած Դպրեվանքի սաներով, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեամբ, Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներով, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն օր մը առաջ դուրս բերուած համաքրիստոնէական եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբերու սրբազան մասունքներուն եւ մեր հաւատքի հօր՝ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին աջին ուղեկցութեամբ, շրջեցաւ Մայրավանքի շրջափակը եւ ուխտաւորներուն բաշխեց մասունքներուն օրհնութիւնը։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը բարձրացաւ Սուրբ Խորան եւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի սրբազան աջով կատարեց ջրօհնէքի արարողութիւն։ Իր աղօթքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Քեզի կը դիմենք ուխտաւոր զաւակներս Բարձրեալն Աստուծոյ մեծանուն ուխտաւորին, ո՜վ Գրիգոր սուրբ հայրապետ։ […] Քու ժայռեղէն հաւատքովդ պահէ ու պահպանէ մեր կեանքը, հայ ժողովուրդի հաւատքի՛ առաքեալ: Քանդէ՛ ու փշրէ՛ մեր շուրջը կանգնած չարիքներու ու մեղքերու պատուարը եւ մեզ առաջնորդէ երկնային շնորհքներու ու առաքինութիւններու յաւերժահոս աղբիւրը»:
Նշենք, որ Մայր Տաճարի Սուրբ Խորանին վրայ դրուեցան Լուսաւորչի աջը, ինչպէս նաեւ սուրբ Սեղբեստրոս ու սուրբ Նիկողայոս հայրապետներուն եւ Պարսամ ճգնաւորին աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքոյ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ