Աւետման տօնը Քեսապի մէջ
Չորեքշաբթի 25 Մարտ 2026 թուականին, Տօն Աւետման Սրբոյ Կուսին Մարիամու Աստուածածնին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ՝ ձեռամբ Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանի:
Սուրբ գրային ընթերցումներէն յետոյ, Գերյ. Հայր Սուրբը իր քարոզի մէջ ըսաւ․ «Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ ի Քրիստոս,
Այսօր մեր Սուրբ Եկեղեցին մեծ ուրախութեամբ կը տօնէ Աւետման սքանչելի եւ փրկարար տօնը։ Այս օրը ոչ միայն տօն է Սուրբ Կոյս Մարիամի, այլեւ ամբողջ մարդկութեան փրկութեան սկիզբը։ Այս օրը երկինքը կ՛ողջագուրուի երկրի հետ, եւ Աստուծոյ յաւիտենական խորհուրդը կը բացայայտուի մարդկութեան առջեւ։
Այսօր կը յիշենք այն սուրբ պահը, երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը Աստուծոյ պատգամով այցելեց Սուրբ Կոյս Մարիամին եւ անոր փոխանցեց մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ լուրը՝ Փրկչի ծնունդը։
Այս պահը մարդկութեան պատմութեան շրջադարձային կէտն է։ Մինչ այդ, մարդկութիւնը կը գտնուէր մեղքի խաւարի մէջ, սակայն այս պահէն սկսեալ փրկութեան լոյսը սկսաւ ծագիլ աշխարհիս վրայ։
«Խորհուրդ անճառ ծածկեալն յազգաց եւ յաւիտեանց, յայտնեցաւ իջմամբ հրեշտակապետին այսօր առ կոյսըն Մարիամ...» կ'ըսէ Շարականը։
Սիրելիներս, Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրը յաւիտենական խորհուրդ մըն էր։ Դարեր շարունակ մարգարէները ակնարկեցին այս խորհուրդին մասին, բայց ամբողջական կերպով անիկա պարզաբանուեցաւ միայն Աւետման օրը։
Աստուած չընտրեց թագաւորական պալատ, ոչ ալ իշխանական ընտանիք։ Ան ընտրեց խոնարհ կոյս մը՝ Նազարէթի մէջ ապրող համեստ աղջիկ մը։ Այս ընտրութիւնը մեզ կը սորվեցնէ, թէ Աստուած կը գործէ խոնարհութեան մէջ։
Աստուած կը փնտռէ մաքուր սրտեր, խոնարհ հոգիներ եւ հաւատքով լի անձեր, որպէսզի Իր կամքը իրականանայ աշխարհիս մէջ։
Աւետարանին մէջ կը լսենք Մարիամի խոնարհ պատասխանը.
«Ահա՛ւասիկ, Տիրոջ աղախինն եմ ես, ըսածիդ պէս թող ըլլայ ինծի»։ (Ղուկաս 1․38)։ Այս բառերը մարդկութեան պատմութեան ամենամեծ հաւատքի արտայայտութիւններէն մէկն է։
Սուրբ Կոյս Մարիամը չվախցաւ։ Չկասկածեց։ Ան իր ամբողջ կեանքը յանձնեց Աստուծոյ կամքին։ Աստուածամայրը մեզ կը սորվեցնէ ամբողջական վստահութիւն Աստուծոյ հանդէպ։
«Անժամանակն առ ի Հօրէ անմարմին ծոցածին ծընունդ, այսօր աւետեօքըն Գաբրիէլի մարմին զգենու ի սըրբոյ կուսէն» կ'ըսէ Շարականը։
Այսօր կը սկսի ամենամեծ հրաշքը՝ Աստուած մարդացաւ։
Ան, որ երկինքն ու երկիրը ստեղծեց, Ան, որ ժամանակէն վեր է, Ան, որ ամենակարող է, ընտրեց խոնարհիլ եւ մարմին առնել Սուրբ Կուսէն։
Այս սէրը անսահման է։ Այս խոնարհութիւնը անըմբռնելի է։
Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը աստուածանայ։
Այս է քրիստոնէական հաւատքի մեծագոյն խորհուրդը։
Այս տօնը կը տօնենք Քառասնորդաց շրջանին մէջ։ Այս ալ պատահական չէ։ Քառասնորդացը ապաշխարութեան, մաքրութեան եւ հոգեւոր նորոգութեան շրջան մըն է։ Իսկ Աւետումը մեզ կը յիշեցնէ, թէ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը բնակի մաքուր սրտերու մէջ։
Պօղոս առաքեալը այսօրուան ընթերցումին մէջ Բ. Կորնթացիներուն կ'ըսէ․ «Արդարեւ Դուք կենդանի Աստուծոյ տաճարն էք» (Բ. Կորնթ․ 6:16)։
Ինչպէս Մարիամը իր սրտով դարձաւ Աստուծոյ բնակարան, նոյնպէս մենք ալ կոչուած ենք դառնալու Աստուծոյ տաճարներ։ Բայց Աստուծոյ տաճարը պէտք է ըլլայ մաքուր ու անբիծ ։
Ահա թէ ինչու այս շրջանին մենք կը մաքրենք մեր սրտերը՝ աղօթքով, պահեցողութեամբ, ապաշխարութեամբ եւ բարի գործերով՝ որպէսզի Քրիստոս ծնանի նաեւ մեր սրտերուն մէջ։
Աւետումը ուրախութեան տօն է։ Աստուած մեզ չմոռցաւ։ Աստուած մեզ չլքեց։ Աստուած եկաւ մեզ փրկելու։ Այսօր երկինքը կը միանայ երկրին։ Հրեշտակները կը ցնծան։ Եկեղեցին կ՛ուրախանայ։ Այս ուրախութիւնը նաեւ մեր ուրախութիւնն է։
Այսօրուան տօնը մեզ կը սորվեցնէ.
1. Խոնարհութիւն — Աստուած կը գործէ խոնարհ հոգիներու մէջ։
2. Հաւատք — Մարիամի հաւատքը մեր օրինակն է։
3. Հնազանդութիւն — Աստուծոյ կամքին հնազանդիլ։
4. Մաքրութիւն — Սիրտը պատրաստել Աստուծոյ համար։
5. Վստահութիւն — Աստուած կը կատարէ Իր խոստումները։
Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,
Այսօր խնդրենք Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի մենք ալ ունենանք, Անոր խոնարհութիւնը, Անոր հաւատքը, Անոր մաքրութիւնը եւ Անոր հնազանդութիւնը։
Թող մեր կեանքերը դառնան կենդանի Աւետում՝ թող մեր խօսքերը դառնան բարի լուր, թող մեր գործերը դառնան սիրոյ վկայութիւն եւ միաձայնաբար ըսենք՝ Ահաւասիկ Տիրոջ ծառաներն ենք, Թող ըլլայ մեզի ըստ Աստուծոյ կամքի համաձայն։ Ամէն»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ բոլոր հաւատացեալներու հետ յիշատակի խմբային նկար։
Քեսապ՝ 25 Մարտ 2026թ․
Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան
Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ