Որոնել

Աստուածամօր Աւետման տօնին նուիրուած հոգեւոր հանդիսութիւն Աստուածամօր Աւետման տօնին նուիրուած հոգեւոր հանդիսութիւն 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ Աստուածամօր Աւետման տօնին նուիրուած հոգեւոր հանդիսութիւններուն

2010 թուականէն ի վեր Լիբանանի մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամի Աւետման տօնը կը նշուի որպէս պետական տօն, որուն առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները մասնակցեցան քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գոյակցութեան նուիրուած զանազան աղօթք-հաւաքներու եւ ձեռնարկներու: Այս նախաձեռնութեանց պատասխանատուները նաեւ այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու անոր օրհնութիւնն ու խորհրդատուութիւնը իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն համար:

2010 թուականէն սկսեալ, Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու նախաձեռնութեամբ ու միատեղ ճիգով, Սուրբ Կոյս Մարիամի աւետման տօնը կը նշուի իբրեւ պետական տօն: Եզակի իր բնոյթով պետական այս տօնին առիթով, Լիբանանի զանազան շրջաններէն ներս դասախօսական հաւաքոյթներ եւ հոգեւոր հաւաքներ կը կազմակերպուին՝ մասնակցութեամբ քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւորականներու, քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու եւ երիտասարդներու:

Առ այդ, 24 եւ 25 Մարտ 2026-ին, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը ամրապնդելու եւ Լիբանանի մէջ գոյակցութիւնը արմատացնելու նուիրուած կազմակերպութիւններ հաւաքներ կազմակերպեցին: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ Լիբանանի քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան մարմինին կազմակերպութեամբ, Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան մասնակցեցաւ Ռապուէի մէջ տեղի ունեցած միասնական աղօթք-հաւաքին, իսկ Հոգշ. Տ. Մովսէս Աբղ. Եօսուլքանեան՝ NDU համալսարանին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին եւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Կաթոլիկ Եպիսկոպոսաց Յանձնախումբին ու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին նախաձեռնութեամբ ասորի կաթոլիկ պատրիարքարանին մէջ աղօթք-դասախօսութեան:

Յայտնենք, որ յիշեալ նախաձեռնութեանց առնչուած յանձնախումբերու պատասխանատուները այցելած են Վեհափառ Հայրապետին եւ իր տեսակէտը ուզած են ունենալ իրենց կողմէ կազմակերպուելիք զանազան ծրագիրներու գծով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2026, 08:40