Հայաստան-Իրան Սահմանը Հայաստան-Իրան Սահմանը   (PHOTOLURE)

Հայաստան-Իրան սահմանը քաղաքացիներուն համար Նորտուզի անցակէտէն փակ է

Իրանեան կողմէն փակուած է Հայաստան–Իրան սահմանը Նորտուզի անցակէտին մէջ քաղաքացիներու համար՝ մարտի 3-ի գիշերէն սկսեալ, մինչդեռ բեռնատարներու երթեւեկը կը շարունակուի առանց էական փոփոխութեան։ Միեւնոյն ժամանակ, Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կապի մէջ են Իրանի մէջ գտնուող քաղաքացիներուն հետ եւ կը կազմակերպեն անոնց անվտանգ վերադարձը, որոնցմէ 110 հոգի արդէն վերադարձած են վերջին թռիչքներով։

Հայաստան-Իրան սահմանը Նորտուզի անցակէտէն փակ է իրանեան կողմէ։  Պետական եկամուտներու կոմիտէն կը յայտնէ, թէ հարցը իրանեան կողմէ է, գիտարուեստական խափանում կայ:

3 Մարտի գիշերէն սկսեալ, ցամաքային սահմանը փակ է քաղաքացիներուն համար, սակայն բեռնատարները կ՛անցնին:

Հայաստանէն Իրան եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռներու փոխադրութիւններու ծաւալին մէջ վերջին օրերուն էական փոփոխութիւններ չկան:

«Ագարակ» անցակէտը կ՛աշխատի սովորական դրութեամբ` սպասարկելով թէ՛ Հայաստանէն Իրան, թէ՛ Իրանէն Հայաստան բեռնատարներուն, որոնց թիւը կը հասնի օրական 400էն 450ի։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային ժողովին մէջ խօսեցաւ Իրանի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն լոյսին տակ Հայաստանի քաղաքացիներուն կացութեան մասին։ Ան դիտել տուաւ, որ Իրանի մէջ ռազմական գործողութիւններու սկիզբէն կապ հաստատուած է Հայաստանի քաղաքացիներուն հետ, եւ ուղիներ կը փնտռեն՝ զանոնք ապահով Հայաստան վերադարձնելու համար:

Ան նշեց, որ 3 եւ 4 Մարտին տեղի ունեցած թռիչքներով 110 Հայաստանի քաղաքացիներ վերադարձած են, իսկ մեծ հաւանականութիւն կայ, որ թռիչքները վերագործարկուին Տուպայէն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն:

«Տարածաշրջանում լարուածութեան սկսումից յետոյ բոլոր վերաբերելի երկրներում դեսպանութիւնները բերուել էին աշխատանքային արտակարգ ռեժիմի (դրութեան), կապ է հաստատուել ՀՀ քաղաքացիների հետ: Ուղիներ են փնտռւում նրանց անվտանգ ՀՀ վերադարձնելու ուղղութեամբ: Ի հարկէ, բարդութիւններն ակնյայտ են, փակ թռիչքային զոնա (գօտի) է յայտարարուել գրեթէ բոլոր վերաբերելի երկրներում: ԱՄԷն ցամաքային սահման ունի Օմանի հետ, օգտուելով այդ հնարաւորութիւնից, կազմակերպում ենք մեր քաղաքացիների տեղափոխումը», յայտնեց Միրզոյեան:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2026, 10:05