Թրամփ եւ Փութին Թրամփ եւ Փութին 

Փութին- Թրամփ հեռախօսազրոյց. Թեման Իրանի պատերազմն էր

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին ընթացքին, երկու առաջնորդները քննարկած են Իրանի տագնապի քաղաքական կարգաւորման հեռանկարներն ու Ուքրանիոյ հակամարտութեան լուծման ուղիները: Վլատիմիր Փութինը դրական գնահատած է Թրամփի միջնորդական ջանքերը, իսկ Ռուսիոյ նախագահի օգնականը զրոյցը որակած է որպէս անկեղծ, գործնական եւ կառուցողական:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Ուշաքովը։

«Զրոյցը կեդրոնացած էր Իրանի շուրջ հակամարտութեան եւ Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման բանակցութիւններու շուրջ։ Զրոյցը տեղի ունեցած է ԱՄՆ նախագահի նախաձեռնութեամբ։ Առաջնորդները բովանդակալից եւ օգտակար միտքեր փոխանակած են Իրանի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ։

Փութինն իր տեսակէտները ներկայացուցած է՝ ուղղուած Իրանի մէջ հակամարտութեան արագ քաղաքական եւ դիւանագիտական ​​կարգաւորման։

Ռուսիոյ նախագահը դրական գնահատականներ տուած է ԱՄՆ-ի եւ անձամբ Թրամփի միջնորդական ջանքերուն՝ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ։ Զրոյցը գործնական, անկեղծ եւ կառուցողական էր»,-նշած է Ուշաքովը։

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/03/2026, 08:01