Որոնել

2026.03.26 Festa Annunciazione a Kessab

Քեսապի՝ Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Միութեան Վերականգնումը

«Հայ կինը՝ ազգիս օրրանն է…» Յովհաննէս Շիրազ

Չորեքշաբթի, 25 Մարտ 2026 թուականին, Աւետման տօնին առիթով, Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Միութեան անդամները մասնակցեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին՝ աղօթքով եւ հոգեւոր ուրախութեամբ լեցուն։

Ս․ Պատարագի աւարտին, «Աղաճանեան» սրահին մէջ, Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ․ Վրդ. Յովսէփեանը  ջերմօրէն ողջունեց նորակազմ Տիկնանց Միութեան անդամները։ Իր հայրական խօսքին մէջ ան մաղթեց բեղուն առաքելութիւն ի սպաս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ համբերութիւն, ոյժ եւ կորով՝ իրենց նոր առաքելութեան ընթացքին։

Պատմական Ակնարկ։

Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Միութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կարեւոր հոգեւոր-համայնքային կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ հիմնուած է տարբեր ժամանակներու մէջ՝ ըստ համայնքներու կարիքներուն։ Սակայն պատմականօրէն առաջին կազմակերպուած Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Միութիւններէն մէկը հիմնուած է 1949 թուականի Յունուար 16-ին։ 

Այդ շրջանին եկեղեցական առաջնորդները նկատեցին, որ հայ ընտանիքին մէջ մօր դերը կարեւոր է հաւատքի պահպանումը մեծապէս կապուած է կնոջ ծառայութեան հետ անհրաժեշտ է կազմակերպել հայ կաթողիկէ մայրերն ու տիկինները։

Այս պատճառով հիմնուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Միութիւնը, եւ նոյն տարուան ընթացքին տեղի ունեցաւ առաջին ընդհանուր ժողովը, ուր ընտրուեցաւ միութեան առաջին վարչութիւնը։ 

Միութեան Նպատակները։

Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Միութիւնը ստեղծուեցաւ՝ Զօրացնելու եկեղեցական կեանքը, համախմբելու հայ կաթողիկէ տիկինները, աջակցելու աղքատներուն եւ կարիքաւորներուն, օգնելու եկեղեցական եւ կրթական գործունէութեան, պահպանելու հայկական աւանդութիւնները եւ հաւատքը եւ նպաստելու երիտասարդ սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեանը։

Միութեան Գործունէութիւնը։

Տարիներու ընթացքին Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Միութիւնները կազմակերպեցին՝ բարեգործական ձեռնարկներ, հոգեւոր հաւաքներ, աղօթքի օրեր, կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ, օգնութիւն կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ աջակցութիւն եկեղեցական գործունէութիւններուն։

Այսօր ալ Հայ Կաթողիկէ Տիկնանց Միութիւնները կը գործեն տարբեր երկիրներու մէջ՝ Սուրիա,  Լիբանան, Հայաստան, Վրաստան, Եւրոպա եւ Ամերիկա։ Միութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ծառայելով՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Հայ ընտանիքին եւ հայ համայնքի միասնականութեանը։

Գերյ. Հայր Սուրբը գեղեցիկ անակնկալ մը պատրաստած էր․ իւրաքանչիւր անդամի նուիրեց վարդ մը՝ որպէս քաջալերանք եւ յարատեւութեան խորհրդանիշ իրենց նոր ծառայութեան մէջ։

Օրը եզրափակուեցաւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ, երբ միասին կարկանդակը բեկանեցինք՝ կիսելով այս ուրախ եւ օրհնաբեր պահերը։

Թող Սուրբ Կոյս Աստուածածնի բարեխօսութիւնը առաջնորդէ եւ զօրացնէ Տիկնանց Միութեան բոլոր անդամները իրենց ծառայութեան մէջ։

Քեսապ՝ 25 Մարտ 2026թ․

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2026, 15:15