Որոնել

Լիբանան, Իսրայէլ, պատերազմ Լիբանան, Իսրայէլ, պատերազմ 

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ Միջին Արեւելքի Հայ գաղութներուն

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, քննարկելով Միջին Արեւելքի հայութեան դիմագրաւած ռազմաքաղաքական վտանգները, վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ ամբողջական կարելիութիւններով սատարելու գաղութներու գոյատեւման։ Միաժամանակ, կազմակերպութիւնը յոյս յայտնեց, որ պատերազմական գործողութիւնները շուտափոյթ կ՚աւարտին, հնարաւորութիւն տալով հայ համայնքներուն վերադառնալու իրենց բնականոն կեանքին։

ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը իր վերջին լիագումարին ընթացքին հանգամանօրէն քննարկեց Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն իրավիճակը, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ վտանգները՝ ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներու լոյսին տակ:

Կեդրոնական վարչութիւնը վերահաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մեր գաղութները, որոնք կենսական եւ անբաժանելի մասն են Հայկական Սփիւռքին, շնորհիւ ազգային-եկեղեցական ղեկավարութիւններուն թափած ճիգերուն, կը շարունակեն իրենց գոյութիւնը եւ  առաքելութիւնը՝ հակառակ բազմաթիւ եւ բազմապիսի դժուարութիւններու:

Այս առիթով, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաստատէ, որ մօտէն կը հետեւի արձանագրուող զարգացումներուն եւ ամբողջական պատրաստակամութեամբ կը շարունակէ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել, որպէսզի Միջին Արեւելքի մեր գաղութները կարենան գոյատեւել այսպիսի վտանգներով լեցուն կացութիւններու մէջ: 

Կեդրոնական վարչութիւնը, թարգմանը հանդիսանալով մեր կազմակերպութեան շարքերուն՝ կը յուսայ, որ շուտով վերջ կը գտնեն պատերազմական գործողութիւնները, որպէսզի Միջին Արեւելքի մեր գաղութները իրենց հաւաքական կեանքը շարունակեն՝ բնականոն պայմաններու մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2026, 08:00