Որոնել

Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ  եկեղեցին Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին 

Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Միջին Արեւելքի Հայ գաղութներու ներկայ իրավիճակին

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բռնկած պատերազմին լոյսին տակ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ շրջանի հայ գաղութներուն՝ կոչ ուղղելով դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ անցնիլ բանակցութիւններու: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, արտակարգ նիստ գումարելով, կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ ամէն ձեւով օժանդակելու թեմերու կարիքներուն եւ ապահով պահելու հայ համայնքները:

Վերջին օրերուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմը փաստօրէն ներառեց ամբողջ Միջին Արեւելքը: Պատերազմը շրջանին մէջ յառաջացուց մահեր, քանդում, խուճապ, անորոշութիւն եւ ընկերային տագնապ: Բնականաբար, միջին արեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած հայ գաղութները եւս, առաւել կամ նուազ չափով, ենթակայ դարձան պատերազմին ստեղծած հետեւանքներուն:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի ստեղծուած վտանգալից կացութեան զարգացումներուն եւ մնայուն կապի մէջ է շրջանի երկիրներուն մէջ կայք հաստատած մեր գաղութներուն հետ: Ցարդ Իրանի թեմերուն հետ կարելի չեղաւ որեւէ ձեւով կապ հաստատել` նկատի ունենալով հաղորդակցութեան միջոցներու ընդհատումը:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, վեհափառ հայրապետը իր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ բոլոր զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում` վիրաւորներուն: Միաժամանակ վեհափառ հայրապետը կոչ կ՛ուղղէ, որ դադրին պատերազմական գործողութիւնները բոլոր շրջաններուն մէջ եւ քաղաքական բանակցութեան ճամբով կարելի դառնայ հարցերուն արդար լուծում գտնել:

Վեհափառ հայրապետը կոչ կ՛ուղղէ մեր թեմերու պատասխանատուներուն` առաւելագոյն չափով հեռու պահելու մեր գաղութները անապահով կացութիւններէ եւ օգտակար դառնալու համայնքային կարիքներուն, միշտ կապի մէջ ըլլալով Անթիլիասի մայրավանքին հետ: Ինչպէս միշտ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, պատրաստ է իր առաւելագոյնը կատարելու` աջակցելու թեմերու աշխատանքներուն եւ օժանդակելու անոնց կարիքներուն:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ գումարուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան արտակարգ նիստ մը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2026, 09:46