Որոնել

Միացեալ նահագներուն նախագահի եւ գերմանիոյ վարչապետի միջեւ հանդիպում Միացեալ նահագներուն նախագահի եւ գերմանիոյ վարչապետի միջեւ հանդիպում 

Իրանը ռմբակոծումներու տակ. Պատերազմական ոճիրներու հետաքննութիւն եւ տարածաշրջանային տագնապ

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմական գործողութիւնները կը սաստկանան՝ Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի ռազմավարական թիրախներուն եւ Լիբանան ներխուժման զուգահեռ, մինչ ՄԱԿ-ը հետաքննութիւն կը պահանջէ քաղաքացիական զոհերու պատճառ դարձած ռմբակոծումներուն համար: Միջազգային գետնի վրայ նախագահ Թրամփ կը շեշտէ Իրանի տկարացումը եւ նաւթի գիներու հաւանական տատանումը, մինչ Ռուսիան ու Սէուտական Արաբիան հանդէս կու գան կրակը դադրեցնելու անյապաղ կոչերով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մերձաւոր Արեւելքը կը գտնուի աննախընթաց պատերազմական բռնկումի մը մէջ։ Իսրայէլեան եւ ամերիկեան օդուժը կը շարունակեն թիրախաւորել Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանը։ Միացեալ Ազգերու Կամզակերպութիւնը (ՄԱԿ) արդէն իսկ պահանջած է հետաքննութիւն՝ հաւանական պատերազմական ոճիրներուն առնչութեամբ, յատկապէս երկրի հարաւը գտնուող դպրոցի մը ռմբակոծման հետեւանքով զոհուած ուսանողուհիներուն ողբերգական դէպքէն ետք։

Ռազմական գործողութիւններ եւ դիւանագիտական արձագանգ

Թիրախային յարձակումներ. Իսրայէլեն օդուժը հարուածած է Ղոմ քաղաքի այն պալատը, ուր կը գումարուէր Փորձագէտներուն ժողովը՝ նոր Գերագոյն առաջնորդ ընտրելու նպատակով։ Մինչ Թեհրան կը հերքէ լուրը՝ պնդելով, որ շէնքը նախապէս պարպուած էր, Ուաշինկթըն կը յայտարարէ, թէ Իրանի ռազմածովային եւ օդային պաշտպանութեան համակարգերը գրեթէ ամբողջութեան ոչնչացուած են։

Իրանի հակադարձութիւնը

Իբրեւ պատասխան, Իրան անօդաչու սարքերով եւ հրթիռներով հարուածած է Ծոցի երկիրներու մէջ գտնուող ամերիկան դիւանագիտական ներկայացուցիչները։ Ռիատի մէջ ԱՄՆ դեսպանաատունը թիրախ դարձած է,
իս Քուէյթի, Պահրէյնի եւ Յորդանանի մէջ ներկայացուցչութիւնները տարհանուած են։

Իսրայէլեան ցամաքային ներխուժում Լիբանան

Իսրայէլեան բանակը (IDF) պաշտօնապէս մուտք գործած է Լիբանան։ Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, թէ այս գործողութիւնը «անվերջ պատերազմ» մը չէ, այլ նպատակ ունի կանխել Իրանի միջուկային սպառնալիքը, որ իր ձեւակերպումով՝ «քիչ մնացած էր անձեռնմխելի դառնալու»։

Միջազգային քաղաքականութիւն եւ նաւթի գիներ

Թրամփ-Մերց հանդիպում. Գերմանիոյ քանցլեր Ֆրիտրիխ Մերց Սպիտակ Տան մէջ հանդիպում ունեցած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Թրամփ շեշտած է, որ Իրան այժմ կը փափաքի բանակցիլ, սակայն «արդէն ուշ է»։

Տնտեսական ազդեցութիւն. Նախագահ Թրամփ զգուշացուցած է, որ նաւթի գիները ժամանակաւորապէս պիտի բարձրանան, սակայն կանխատեսած է անոնց անկումը նախքան պատերազմի աւարտը։

Խաղաղութեան կոչեր

Մինչ Թեհրանի փողոցներուն մէջ հազարաւոր մարդիկ կը յուղարկաւորեն զոհուած ուսանողուհիները, Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութեամբ՝ պահանջելով անյապաղ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները՝ խուսափելու համար տարածաշրջանային անկանխատեսելի աղէտէ մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2026, 11:39