Ոչ եւս է Անթոնինօ Զիքիքի. Գիտութեան եւ Հաւատքի երկխօսութեան մեծանուն դէմքը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
96 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց միջազգային համբաւ վայելող ֆիզիքոս Անթոնինո Զիքիքին։ Ան Իտալիոյ գիտական աշխարհի ամենակարկառուն դէմքերէն մէկն էր, որ իր կեանքը նուիրեց տարրական մասնիկներու հետազօտութեան եւ գիտութեան ու քրիստոնէական հաւատքի միջեւ կամուրջներ հաստատելու առաքելութեան։
Գիտական փայլուն ուղի մը
Ծնած Թրափանի՝ Սիկիլիա՝ 1929-ին, Զիքիքիի անունը անբաժանելի է ժամանակակից ֆիզիքայի պատմութենէն։ Ան իր գործունէութիւնը ծաւալեց աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններուն մէջ, ինչպէս՝ Ժընեւի CERN-ը եւ Շիքակոյի Fermilab-ը։ 1965-ին անոր գլխաւորած խումբը առաջին անգամ ըլլալով դիտարկեց «հակատէութոնը» (antideuteron)՝ նիւթական հիմնարար յայտնագործութիւն մը հիւլէական ֆիզիքայի բնագաւառէն ներս։
Բազմաթիւ համալսարաններու պատուաւոր դոկտոր եւ աւելի քան 500 գիտական հրատարակութիւններու հեղինակ, Զիքիքի հիմնադիրն էր Էրիչէի «Էթթորէ Մայորանա» գիտական մշակոյթի կեդրոնին, որ տասնամեակներ շարունակ դարձաւ համաշխարհային գիտնականներու հանդիպման վայր։
Գիտութիւն, բարոյագիտութիւն եւ Խաղաղութիւն
Զիքիքիի համար գիտութիւնը լոկ տարրալուծարանային փորձարկում չէր, այլ՝ ծառայութիւն մարդկութեան։ Ան հետեւողականօրէն պայքարեցաւ միջուկային զինաթափման համար՝ նախագահելով ՆԱԹՕ-ի համապատասխան յանձնախումբերը եւ հիմնելով «World Lab»-ը, որ կ’օժանդակէ զարգացող երկիրներու գիտական ծրագիրներուն։
Անոր կերպարը յատկանշուեցաւ նաեւ իր համարձակ կեցուածքներով։ Թէեւ վերջին տասնամեակներուն ան քննադատութեան ենթարկուեցաւ Դարվինի տեսութեան եւ կլիմայական փոփոխութիւններու մոտելներուն հանդէպ իր վերապահումներուն համար, սակայն Զիքիքի միշտ կը պնդէր գիտական մեթոտի խստապահանջութեան եւ հետազօտութեան ազատութեան անհրաժեշտութիւնը։
Երկխօսութիւն Քահանայապետերու հետ
Որպէս ջերմեռանդ կաթողիկէ մտաւորական, Զիքիքի սերտ յարաբերութիւններ ունեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ յաջորդական Պապերուն հետ։ Ան կը հաւատար, որ գիտութիւնն ու հաւատքը իրար չեն հակասեր, այլ կը լրացնեն զիրար։
Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի հետ անոր մտերմութիւնը ամրապնդուեցաւ 1993-ին, երբ Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Էրիչէի գիտական կեդրոնը։
Պենետիկտոս ԺԶ. Պապի օրով, ան եռանդուն կերպով պաշտպանեց Պապին «Լա Սափիենցա» համալսարանի միջադէպի ժամանակ՝ բարձր գնահատելով Ռատցինկերի տեսակէտը Գալիլէյի եւ բանականութեան դերի մասին։
Ֆրանչիսկոս Պապի օրով նոյնպէս, ան շարունակեց իր ներդրումը բերել Գիտութիւններու քահանայապետական կաճարէն ներս՝ շեշտելով գիտնականի բարոյական պատասխանատուութիւնը։
Անթոնինօ Զիքիքիի հեռացումով, գիտական աշխարհը կը կորսնցնէ գիտնական մը, որ չբաւարարուեցաւ միայն «ինչպէ՞ս» հարցումին պատասխանելով, այլ միշտ փնտռեց գոյութեան «ինչո՞ւ»ն՝ աշխարհը դիտելով թէ՛ մանրադիտակի եւ թէ՛ հաւատքի լոյսին տակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ