Որոնել

2023.07.24 Rupen Vartanian

Ռուբէն Վարդանեանը Պաքուի մէջ դատապարտուած է 20 տարուան բանտարկութեան

Վարդանեան իր փաստաբանին արգիլած էր ներկայացնել պաշտպանական փաստարկներ` տեղի ունեցողը որակելով ոչ թէ դատ, այլ խեղկատակութիւն նկատի ունենալով անկախ փաստաբաններու եւ լրատուամիջոցներու բացակայութիւնը։

Ռուբէն Վարդանեանը, որ երբեք զինուորական պաշտօն չէ վարած, Պաքուի դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուած է շարք մը յանցագործութիւններու համար, ներառեալ պատերազմ մղելը Ազրպէյճանի դէմ, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը եւ մարդոց հարկադիր տեղափոխումը։

Վարդանեան իր փաստաբանին արգիլած էր ներկայացնել պաշտպանական փաստարկներ` տեղի ունեցողը որակելով ոչ թէ դատ, այլ խեղկատակութիւն նկատի ունենալով անկախ փաստաբաններու եւ լրատուամիջոցներու բացակայութիւնը։

Նախապէս, այլ հայ ղեկավարներ եւ ուրիշ ամբաստանեալներ եւս դատապարտուած են՝ 15 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութիւն։

Իլհամ Ալիեւը, Ազրպէյճանի նախագահը, վերջերս Միւնիխի համաժողովի ընթացքին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, հայ գերիները համեմատած է Նացիական Գերմանիոյ ղեկավարներուն հետ եւ Պաքուի դատավարութիւնը՝ «Նորինպերկի» դատավարութեան։

Խօսքը վերաբերած է այն ղեկավարներուն, որոնք ձերբակալուած էին 2023 թուականի սեպտեմբերին, շրջանի հայ բնակչութեան արտագաղթի ընթացքին, երբ Ազրպէյճանը ռազմական յարձակում մը սկսած էր եւ մեկուսացուցած շրջանը՝ մարդասիրական ծանր հետեւանքներով բնակչութեան համար։

«Այս անձերը մարդկութեան դէմ ծանր յանցագործութիւններ գործած են։ Պատկերացուցէք, թէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին աւարտէն երկու ամիս ետք, Նորինպերկի դատավարութեան ընթացքին, մէկը գար ու պահանջէր մահուան դատապարտուած նացիական ղեկավարներուն ազատ արձակումը։ Ասիկա նոյնն է, նոյնիսկ աւելի վատ։ Անոնց գործած յանցագործութիւնները աւելի ծանր են, քան նացիականներուն գործածները Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին», յայտարարած է Ալիեւը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2026, 10:01