Որոնել

Տեղահանուած եւ գաղթական երեխաներ Տեղահանուած եւ գաղթական երեխաներ 

ԵՈՒՆԻՍԵՖ. 2026 թուականը ոչ մէկ դադար կը բերէ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէյի մանուկներուն

2026 թուականի սկիզբը աղէտալի եղած է Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէյի մանուկներուն համար, որոնք Իրանի, Կազայի, Սուտանի եւ Սուրիոյ մէջ կը շարունակեն զոհ երթալ պատերազմներու, սովի եւ զանգուածային տեղահանումներու: ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը խստօրէն կը դատապարտէ այս բռնութիւնները եւ հրատապ կոչ կ'ուղղէ հակամարտող կողմերուն՝ անմիջապէս քայլեր առնելու երախաներու պաշտպանութեան եւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Աֆրիկէյի մէջ 2026 թուականի առաջին շաբաթները արդէն իսկ աղէտալի հետեւանքներ ձգած են տարածաշրջանի երախաներուն վրայ։ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի տարածաշրջանային տնօրէն Էտուար Պեկպետերի հրապարակած վերջին տուեալները կը գուժեն բռնութեան, տեղահանման եւ մահուան սարսափելի աճ մը։

Արիւնալի յունուար. թիւեր եւ իրականութիւն

Զեկոյցը կը ներկայացնէ զարհուրելի պատկեր մը տարբեր թէժ կէտերէ.

Իրան: Աւելի քան 144 երախայ սպաննուած է, իսկ բազմաթիւ ուրիշներ վիրաւորուած կամ ձերբակալուած են։ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը խստօրէն կը պահանջէ իշխանութիւններէն դադրեցնել անչափահասներու դէմ բռնութիւնն ու ձերբակալութիւնները։

Կազայի Գօտի: Հակառակ փխրուն զինադադարին, տարեսկիզբէն ի վեր 37 մանուկ զոհուած է օդային հարուածներու եւ առողջապահական համակարգի փլուզման հետեւանքով։

Սուտան: Միայն 3ունուար ամսուան ընթացքին առնուազն 20 երախայ սպաննուած է։ Կացութիւնը աւելի ծանր է Տարֆուրի եւ Քորտոֆանի մէջ, ուր պաշտօնապէս հաստատուած է սովի գոյութիւնը։

Սուրիա: Երկրի հիւսիս-արեւելքը վերսկսած բախումներուն պատճառով շուրջ 200,000 անձ տեղահանուած է, որոնց կէսը երախաներ են։ Այնթապի (Քոպանի) մէջ առնուազն հինգ մանուկ մահացած է ձմեռնային պաշարներու եւ բժշկական խնամքի բացակայութեան պատճառով։

Տնօրէնի յայտարարութիւնը

«Մանուկները կը սպաննուին, կը վիրաւորուին, կը տեղահանուին ու կը ձերբակալուին՝ զրկուելով կրթութենէ եւ տարրական իրաւունքներէ։ Այս հակամարտութիւնները անդառնալիօրէն կը խլեն անոնց ապագան», նշած է Պեկպետեր։

Ան նաեւ յիշեցուցած է Եամանի մէջ տիրող տնտեսական անապահովութիւնն ու մշտական թերսնուցումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ընտանիքներուն առօրեայ վախը՝ նոր յարձակումներու սպառնալիքին տակ։

Կոչ՝ Միջազգային ընտանիքին

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը հրատապ կոչ կ'ուղղէ բոլոր կառավարութիւններուն եւ հակամարտող կողմերուն՝ յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը։ Կազմակերպութեան պատգամը յստակ է. « Մանուկները ամենէն շատ խաղաղութեան կարիքը ունին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2026, 12:57