Աւելի քան 500 միլիոն մանուկներ կ՛ապրին պատերազմով յատկանշուած երկիրներու մէջ. ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ահազանգը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի համաձայն, 500 միլիոնէ աւելի երեխաներ՝ գրեթէ անոնց հինգերորդը աշխարհին մէջ, կ՛ ապրին երկիրներու մէջ, ուր տեղի կ՛ ունենան պատերազմներ կամ այլ բռնի հակամարտութիւններ։ Ամէն տարի տասնեակ հազարաւոր մանուկներ կը վիրաւորուին կամ կը սպաննուին, անոնցմէ շատերը կը տառապին անօթութենէ մինչ կրթութեան հասանելիութիւնը շարունակաբար վտանգուած է։
2005 ի վեր, երբ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը ընդունեց 1612 թիւ ունեցող Յանձնարարականը, արձանագրուեցան աւելի քան 14,000 յարձակում դպրոցներու վրայ և աւելի քան 3,000 դէպք, երբ դպրոցները օգտագործուած են ռազմական նպատակներով։ Միայն Կազայի թերակղզիին մէջ 2023 թուականէն ի վեր դպրոցներու 97%-ը վնասուած կամ ոչնչացուած են։ Նման իրավիճակներ նկատուած են նաև Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ, Միանմարի և Ուքրանիոյ մէջ։
Catherine Russell-ը ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գլխաւոր տնօրէնը, ընդգծած է, որ դպրոցներու պաշտպանութիւնը կը նշանակէ ապահովել անվտանգ տարածքներ, ուսուցման հնարաւորութիւններ և անհրաժեշտ ծառայութիւններու հասանելիութիւն, որ կը նուազեցնէ նաեւ զինուած խմբաւորումներու կողմէ երախաներու ներգրաւումը, շահագործման կամ դաժանութեան ենթարկուելու վտանգը։
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը յառաջ կը մղէ համապարփակ մօտեցում՝ կրթութեան, պաշտպանութեան և խաղաղութեան ոլորտներուն մէջ, ապահովելով անվտանգ ուսուցման ծրագրեր, հոգեբանական աջակցութիւն և համայնքային մասնակցութիւն:
Կազմակերպութիւնը հրաւէր կ՛ուղղէ բոլոր անդամ պետութիւններուն աջակցելու անվտանգ դպրոցներու «Յայտարարութեան» և ընդունելու քաղաքականութիւններ՝ պաշտպանելու աշակերտներն ու ուսուցիչներն, միաժամանակ կրթութիւնը ներառելով ազգային ծրագրերուն մէջ՝ որպէս պայքար` զինուած հակամարտութիւններուն մէջ երախաներու ներգրաւումին դէմ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ