Ըստ «Էյ. Պի. Սի.»-ի. Թրամփ Իրանի Հիւլէական կառոյցներուն մեծ հարուած հասցնելու կարելիութիւնը կը դիտարկէ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հիւլէական կառոյցներուն լայնածաւալ հարուած հասցնելու կարելիութիւնը կը դիտարկէ: Այս մասին կը հաղորդէ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը` յղում կատարելով իր աղբիւրին:
Ըստ ստացուած տուեալներու, Ուաշինկթընի վարչակազմի ղեկավարը քննարկած է Իրանի դէմ գործողութիւններու տարբեր տարբերակներ, որոնցմէ մէկը հզօր հարուածն է հիւլէական, ինչպէս նաեւ զինուորական ու կառավարական կառոյցներուն:
Նախքան այդ, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն հաղորդած էր, որ Թրամփ նաեւ դիտարկած է Իրանի զինուորական եւ կառավարական կառոյցներուն սահմանափակ հարուած հասցնելու կարելիութիւնը: Նպատակը Թեհրանը մղելն է ընդունելու Ուաշինկթընի համար շահաւէտ հիւլէական գործարքի պայմանները` միեւնոյն ժամանակ խուսափելով լայնածաւալ յարձակումէն: Ըստ անոնց տեղեկութիւններուն, նման հարուածը կրնայ հասցուիլ քանի մը օրուան ընթացքին:
Կը նշուի, որ Սպիտակ տան ղեկավարը տակաւին Իրանի վրայ յարձակումի վերաբերեալ վերջնական որոշում չէ տուած:
Թրամփ 19 փետրուարին յայտարարած էր, որ Իրանի հետ համաձայնութեան հասնելու համար առաւելագոյնը 15 օր ժամանակ կու տայ: «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին պնդումով` գործողութիւնը կրնայ սկսիլ 21 փետրուարին:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգները երեք օրուան ընթացքին Միջին Արեւելքի հաւանական զինուորական գործողութիւններու թատերաբեմ տեղափոխած են 39 լիցքաւորող օդանաւ եւ 29 ծանր ռազմափոխադրամիջոցային օդանաւ, ներառեալ «Պոյինկ Սի-17 Կլոպմասթըր 3»:
Ըստ տուեալներու, Միացեալ Նահանգներու օդուժը նաեւ Միջին Արեւելք ուղարկած է հեռահար թռիչքային յայտնաբերման եւ կառավարման (ԷՈՒԱՔՍ) օդանաւ:
Ուաշինկթընի Նոր ամերիկեան անվտանգութեան կեդրոնի ռազմավարական փորձագէտ Պեքի Վասերի գնահատումով` Միացեալ Նահանգները շրջանին մէջ տեղակայած են այնպիսի սարքեր, որոնք անհրաժեշտ են տեւական զինուորական արշաւ կատարելու համար:
Անոր համաձայն, ուժերու կուտակման նման կշռոյթը դատարկ սպառնալիք չէ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ