Որոնել

Aftermath of airstrikes amid Afghanistan-Pakistan conflict, in Kandahar

Աֆղանիստան-Փաքիստան բախումներ

Իրան եւ Ռուսիա անջատաբար պատրաստակամութիւն յայտնեցին երկու կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու:

Հակառակ Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Փաքիստանի հակադարձելու իր գործողութիւններուն աւարտը յայտարարելուն, երկու սահմանակից երկիրներուն միջեւ սահմանային բախումները շարունակուեցան:

Աֆղանական ուժեր հարուածեցին Խայպար Պախթունխուա շրջանին մէջ գտնուող Նուրշիրա քաղաքի շրջանին մէջ փաքիստանեան ռազմակայան մը: Փաքիստան իր կարգին օդային յարձակումներ գործեց Խոսթի, Պաքթիքայի եւ Լաղմանի մէջ գտնուող թալեպաններու դիրքերուն վրայ:

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտնեց, որ իր երկրի զինեալ ուժերը երկրին վրայ որեւէ յարձակումի ուժգին հակադարձելու բոլոր տուեալները ունին:

Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Ասեֆ երէկ յայտարարեց, թէ Իսլամապատ Աֆղանիստանի հետ բաց պատերազմի մէջ մտած է այդ երկրէն եկող ահաբեկչական վտանգներու պատճառով` ընդգծելով, որ իր երկրին համբերութիւնը սպառած է:

Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ երէկ արշալոյսին հարուածած է փաքիստանեան դիրքեր` հակադարձելով հինգշաբթի օր մայրաքաղաք Քապուլի, Գանտահարի եւ Պաքթիայի վրայ կատարուած փաքիստանեան օդային յարձակումներուն:

Քապուլի եւ Իսլամապատի միջեւ յարաբերութիւնները երկար ատենէ ի վեր լարուած են փաքիստանեան կողմի այն ամբաստանութեան պատճառով, թէ Քապուլ կը պատսպարէ զինեալներ, որոնք Փաքիստանի մէջ յարձակումներ կը գործեն:

Հինգշաբթի օր փաքիստանեան ուժերու Թալեպաններու կառավարական կառոյցներուն վրայ յարձակումները մեծ մագլցում կը նկատուին:

Ըստ Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, 55 փաքիստանցի զինուորներ սպաննուած են եւ փաքիստանեան բանակի երկու դիրքեր ու 19 կէտեր գրաւուած են, իսկ աֆղանական ուժերը ունին 8 զոհ եւ 11 վիրաւոր:

Իրան եւ Ռուսիա անջատաբար պատրաստակամութիւն յայտնեցին երկու կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2026, 12:09