Իտալական «Meridiani» երկամսեայ պարբերաթերթը նուիրուած Հայաստանի
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Իտալական ճանապարհորդութեան և զբօսաշրջութեան թեմաներու նուիրուած «Meridiani» երկամսեայ մենագրական հանդէսը, որ կը հրատարակուի Editoriale Domus հրատարակչական խումբի կողմէ 2026-ի Փետրուարի թիւը նուիրուած է Հայաստանի։
Այս առիթով պարբերաթերթին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք։
«Հայաստանի նուիրուած թիւին մէջ կը պատմուի երկրի մը մասին, որ տակաւին քիչ ճանչցուած է եւ լի է զարմանալի կողմերով՝ բնապատկերային եւ մշակութային առումներով։ Քրիստոնէութեան օրրանը ըլլալով (աշխարհի մէջ առաջին պետութիւնը, որ քրիստոնէութիւնը հռչակեց իբրեւ պաշտօնական կրօն), ան հարուստ է եկեղեցիներով եւ հին վանքերով, որոնք յաճախ տեղադրուած են արտասովոր գեղեցկութիւն ունեցող բնական միջավայրերու մէջ։
Հմայիչ են անոր լեզուն եւ աշխարհին մէջ եզակի այբուբենը, աւանդական «լաւաշ» հացով հիմնուած խոհանոցը, որ կը մատուցուի տեղական արտադրանքներու անհաւատալի բազմազանութեամբ, նաեւ գինիի հազարամեայ մշակոյթը։ Իսկ արշաւասէրներուն համար կան ապշեցուցիչ ձորեր եւ քարայրներ, անսահման խոտածածկ տափաստաններ եւ մեղմ գիծերով լեռնաշղթաներ, որոնք կը գերազանցեն 3000 մեթրը։
Meridiani-ի թղթակիցները շրջած են երկիրը թիզ առ թիզ՝ արձանագրելով մայրաքաղաք Երեւանի կենսունակութիւնը, մեծ Սեւանայ լիճին բնութիւնը եւ ամենատպաւորիչ սրբավայրերը, որոնց շարքին՝ Խոր Վիրապ վանքը, որ կը նայի սպիտակափայլ Արարատին՝ պատմական Հայաստանի իսկական խորհրդանիշին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ