Որոնել

2026.02.26 Festa della Lingua Madre nel convento di Bzommar

Զմմառու ժառանգաւորները նշեցին Հայոց Լեզուի օրը

Աւարտին խօսք առաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան: Ան նախ անդրադարձաւ Զմմառու դպրեվանքին ունեցած ներդրման` հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներու մէջ ըսելով. «Պատմական հպանցիկ ակնարկն իսկ բաւական է հասկնալու եւ գնահատելու այն մեծ աւանդն ու նշանակութիւնը, որ ունեցած է Զմմառու դպրանոցը հայ հաւատքի, լեզուի եւ մտքի ծաղկման մէջ»:

Շաբաթ, 21 փետրուար 2026-ի յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան մայրավանքի մէջ, մեծաւոր հօր` Մաշտոց թ.ծ.վրդ. Զահթէրեանի եւ վարչական հայրերու ներկայութեամբ, Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները նշեցին Մայրենի լեզուի տօնը:

Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Ս.Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» շարականով` սաներու կատարողութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Աբրահամ Արմենակ, որ նախ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ հայոց լեզուի կարեւորութեան:Ապա համանուն կրթօճախի տեսուչ Կարապետ վրդ.Գլընճեան իր հեղինակաւոր գաղափարներով ներկայացուց Մայրենի լեզուի օրը: Ան իր խօսքը սկսաւ հարցադրումներով` ինչո՞ւ մայրենի լեզու կ՛ըսենք, ինչո՞ւ հայրենիք կ՛ըսենք: Սաներու պատասխանները ստանալէ ետք շարունակեց. «Որովհետեւ մայրը իր հանապազօրեայ սնունդին հետ կը դաստիարակէ զաւակը, իր կենարար կաթին հետ հայերէնով հայրենասիրութիւն կը փոխանցէ անոր, այսպիսով յառաջացած է մայրենի լեզուի գաղափարը: Ուստի, եկէ՛ք,  մայրենիին նուիրուած այս տօնակատարութիւնը վերածենք ամէնօրեայ մնայուն տօնի, շարունակ հայերէն խօսելով` մեր մայրենին դարձնենք առաւել արդիական եւ առաւել կենսունակ»:

Տեսուչ հայր սուրբը հետեւեալ խօսքերը արտասանելէ ետք վեր առաւ այն գաղափարը, որ հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած իւրաքանչիւր գործ արժանի է խրախուսանքի. «Մայրենիին տէր կանգնիլ` չի նշանակեր, որ այն խնամքով մեր տան կամ աշխատանքային վայրերու գրադարաններու մէջ պահել եւ օտարներուն առջեւ հպարտանալ մեսրոպեան տառերու հանճարեղ գեղագիտական ու ոճային ինքնատիպ լուծումներով: Մայրենիին տէր կանգնիլ` կը նշանակէ իւրացնել այն իր բոլոր նրբերանգներով ու ելեւէջներով, տէր կանգնիլ` կը նշանակէ անարատ ու անբիծ ձեւով զայն սերունդներու ժառանգել, որպէսզի անոնք եւս զգան իրենց լեզուի քաղցրութիւնն ու ջերմութիւնը»:

Ապա Աբրահամ Իսահակեանի կատարողութեամբ հնչեց «Ով մեծասքանչ դու լեզու» մեներգը, իսկ Սեդրակ Աւետիսեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը:

Աւարտին խօսք առաւ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց  թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան: Ան նախ անդրադարձաւ Զմմառու դպրեվանքին ունեցած ներդրման` հայապահպանութեան ուղղութեամբ տարուած աշխատանքներու մէջ ըսելով.  «Պատմական հպանցիկ ակնարկն իսկ բաւական է հասկնալու եւ գնահատելու այն մեծ աւանդն ու նշանակութիւնը, որ ունեցած է Զմմառու դպրանոցը հայ հաւատքի, լեզուի եւ մտքի ծաղկման մէջ»:

Ապա շեշտը դրաւ մայրենիի նահանջին հետ կապուած սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու վրայ եւ զանոնք կանխարգիլելու ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքներու լուծումներ առաջարկեց:

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2026, 08:17